ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
(1924-2007)
* Սարդարապատի յաղթանակը, որուն շնորհիւ Ազգային խորհուրդը կրցաւ որոշել Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումը, բացարձակապէս հայու գործ է: Օտարը ոչ մէկ դեր ունեցած է անոր մէջ, եւ այդ կը պատկանի համայն հայութեան:
* Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդիւնք է ամբողջական նուիրումի: 1918-ի Մայիսեան ճակատամարտերուն, ինչպէս նաեւ անոր նախորդած տասնամեակներուն, հայը բերաւ գերագոյն իր զոհողութիւնը, տուաւ իր կեանքը, որպէսզի իրականանային դարաւոր երազները:
ՍՕՍ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
(1929-2013)
* Քսան թուականին, Հանրապետութեան վերջին վարչապետ, Սիմոն Վրացեանը արձանագրով յանձնեց իշխանութիւնն ու եղած ինչքը պոլշեւիկներին: Դա քաղաքական սխրանք էր: Դաշնակցական կուսակցութեան նպատակը չէր ամէն գնով կառչել իշխանութիւնից. սխրանք էր, քանի որ այդպիսով փրկուեցին հազարաւոր կեանքեր: Դա ՀՅ Դաշնակցութեան բարոյական նկարագրի վկայականն է: Նա չպայքարեց մինչեւ «արեան վերջին կաթիլը». չէ՞ որ այդ կաթիլը դարձեալ հայի արիւնն էր լինելու:
* Տասնութին Դաշնակցութիւնը դրեց անկախութեան շէնքի հիմնաքարերը, կառուցեց որքան որ հասցրեց: Պոլշեւիկներն այդ կառոյցը լցրին օտար բովանդակութեամբ… Հրաշքով մի հողմ լինէր, դուրս փչէր այդ օտարութիւնը միանգամից…
ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
(1956-2014)
* Եթէ Մայիսեան դէպքերը չպատահէին 90 տարի առաջ` մենք հաստատ գիտենք, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւն գոյութիւն պիտի չունենար, Անդրկովկասի մէջ հայ ժողովուրդ պիտի չըլլար, ոչ ալ պետականութիւն պիտի ունենայինք, ինչպէս Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին մէջ այսօր գրեթէ հայ չկայ, այդպէս ալ Արեւելեան Հայաստանի մէջ մենք մեծամասնութիւն չէինք կազմեր:
ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ
(1927-2014)
* Ինչպէս աշխարհի ժողովուրդներէն շատերը, նաեւ մեր ժողովուրդը, առնուազն տասնհինգ դարերէ ի վեր ունեցած է բարձրագոյն երկու հեղինակութիւն` քաղաքական եւ կրօնական, որոնց մտածողութեանց ներդաշնակութեան եւ ապրումներուն ընդհանրականութեան մէջ նուիրագործուած են ժողովրդային բոլոր մեծագործութիւններն ու բոլոր սխրագործութիւնները, անոնք, որոնք տօնի վերածուած են յետոյ, այսինքն` դարձած են մաս տուեալ ազգին կենսագրութեան, կենցաղին, դարձած են ներշնչման աղբիւր գալոց սերունդներուն, տարբերիչ որակ ու պատմութեան նոր քառուղիներուն վրայ լուցուած ջահ:
Նման բացատրութեամբ մը, պայծառ մտքով, համընդհանուր թրթիռով եւ համազգային մտածողութեամբ մը դիմաւորուեցաւ ու պսակուեցաւ նաեւ նախընթաց տարիներուն, տասնամեակներուն, դարերուն մեր ապրած հազարումէկ կորանքները չէզոքացնող
մայիս 28-ը, սկսեալ իր առաջին տարեդարձէն, 1919-էն:
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
(1950-2015)
* Ահա թէ ինչո՛ւ, հակառակ տասնամեակներու բարդումին, 28 մայիսը հայութեան համար հանդիսացաւ ո՛չ միայն անկրկնելի փրկագործութիւն մը, այլեւ` համամարդկային յաղթանակ մը: Կեանքի՛ն յաղթանակը` մահուան ու մութի հրէշային ախոյեաններուն դէմ, մարդկութեան ու ճշմարտութեան յաղթանակը` կոտորածի եւ քանդումի արտակարգ մրցանակակիրներուն դէմ եւ, վերջապէս` գեղեցիկին, իրաւին ու աստուածայինին յաղթանակը:
Ապրիլեան նահատակներուն եւ Սարդարապատեան դիւցազուններուն թանկ արեամբ սրբագրուած Հայկեան հրաշքին օրը:
* Բարոյական ու պատմական ճշմարտութիւն մը, որուն շնորհիւ 28 մայիսը կը դառնայ ե՛ւ ամենայն հայոց տօնը, ե՛ւ քաղաքակիրթ մարդկութեան տօնացոյցին ամենապայծառ թուականներուն հետ մրցող քաղաքակրթական եզակի նուաճում մը: Հայկեա՛ն ճշմարտութեան տօնը: Պարզ խօսքով` տօներուն տօնը:
* Այս իսկ առումով` նոյնիսկ անկախութեան կերտումն ու ամրացումը ժամանակաւոր հանգրուան մըն է, հողահաւաքի սուրբ գործը` իր կարգին, որովհետեւ հայրենակերտումը միայն պատմակերտում չէ, այլ առաջին հերթին մարդակերտում է` բառին բովանդակ եւ է՛ն ազնիւ իմաստով: Վերջապէս, Հայաստանի Հանրապետութեան վախթանական նպատակը այլ բան չէր, եթէ ոչ ազատ մարդու եւ արդար աշխատանքի իրաւունքին ապահովումը, խղճի, մտքի եւ գործի ազատութեան ապահովումը` անկախ, արդար եւ ազատագրուած մարդկութեան մը միջազգային եղբայրութեան առողջ մթնոլորտին մէջ:
ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
(1939-2016)
* Բարեբախտաբար քանակ եւ որակ են կազմում նրանք, ովքեր կամովին եւ երդմամբ անդամագրուել են հարիւրամեայ այն կուսակցութեանը, որի գոյակոչման ու յարատեւութեան միակ պատճառը հայ ժողովրդի ազգային-քաղաքական եւ ընկերային իրաւունքների ձեռքբերումն է: Այդպէս էր երէկ, երբ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ֆիտայիներու սերունդը իր ազատագրական պայքարը հասցրեց մինչեւ Սարդարապատ եւ առանցքային ու որոշիչ դեր ունեցաւ 1918 մայիս 28-ի Հայաստանի անկախ պետականութեան հիմնարկէքի:
ՀՐԱՉԻԿ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
(1928-2016)
* Թուրք կառավարութիւնը ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը ամէնէն առաջ այն պատճառով, որ հայ ժողովուրդը միասնաբար` իր բոլոր հատուածներով եւ բոլոր քաղաքական հոսանքներով ու կազմակերպութիւններով կենաց ու մահու կռիւի ելաւ թրքական հորդաններու դէմ, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի տարածքներուն ճակատամարտ մղեց եւ ստիպեց ոսոխը ընդունելու հայ ժողովուրդի պետականութեան վերածնունդը:
* Հայ ժողովուրդի պետականութեան վերականգնումը բուռն ցնծութեամբ ընդունեց նաեւ գաղութահայութիւնը` անոր գոյութեան տարիներուն ամէն ինչ ընելով ընդհանուր գործին իր նպաստն ու օգնութիւնը բերելու համար:
Այսինքն` Հայաստանի Հանրապետութիւնը կերտուեցաւ ժողովուրդի դիւցազնական խոյանքի ալեծուփ քուրային մէջ:
ՅՈՎՍԷՓ ԷՍԿԻՃԵԱՆ
(1935-2017)
* Հայասպան Եղեռնէն հազիւ 3 տարիներ անց, 1918 թուականին, վերապրող ճղակոտոր հայութեան կեանքը անձեւ քաոս էր, ապագան անստոյգ, հայաշխարհը հայաթափ, հարիւր հազարաւոր թշուառ որբեր, թափառական, անօթի եւ մահուան սեմին, հաւաքուած ու լեցուցած էին Արարատեան դաշտի մէկ պատառիկը, մահաստան դարձած Էջմիածնի մօտակայ շրջանները, եւ` ստոյգ մահուան անդունդի եզրին:
Մահու եւ կենաց պատմութեան անկարելի քննութիւն մը անցընելու պարտադրուած էր կոտորակուած եւ ջարդերէն մազապուրծ փրկուած բուռ մը հայութիւնը:
Եւ սակայն, հրաշքի նման, ճղակոտոր, տասնորդուած հայրենակորոյս հայութիւնը անգամ մը եւս առասպելական ուժ գտաւ ինքն իր մէջ` կրկին ոտքի կանգնելու, մահէն կեանք յաղթական երթալով, յաղթանակ տանելու անզսպելի վճռակամութեամբ, ազգովին ընդառաջեց ազգընտիր մենատէր Արամ Մանուկեանի վճռորոշ կոչին, թէ` մենք Երեւանը որեւէ գնով չենք յանձներ®
* Սարդարապատին մէջ տարուած տարերային յաղթանակը, մեր գոյութեան եւ տակաւին մեր լինելութեան կառչած մնալու` մեր յանձնառու հաւատարմութիւնն է:
Սարդարապատը տակաւին, մայիսեան իր հրաշալի խորհուրդով, հայութեան միասնութիւնը, հայու ազատասէր ոգին, մտքի հզօրութիւնը եւ բազուկի յաղթանակը կը խորհրդանշէ:
* Մայիս 28-ով խորհրդանշուող եւ հայութեան անկախ պետականութեան կերտումի 85-րդ տարեդարձին հայրենի հողին թէ հայասփիւռքի տարածքին ապրող հայութեան մէջ պիտի պահեն խանդն ու թռիչքը, հայութեան ազատատենչ ոգին, անսակարկ անձնազոհութիւնը, նահատակութեան կամաւոր պատրաստակամութիւնը, եւ` սքանչելի կարգապահութիւնը, այս բոլորը ի սպաս դնելու հայութեան կայացած պետականութեան հզօրացման:
* Արդարեւ, 28 մայիս 1918-ի թուականի արշալոյսին արդէն քանի մը օրերէ ի վեր Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի մէջ լինել-չլինելու հերոսական ճակատամարտեր մղող հայութիւնը Սասունցի Դաւիթներու առասպելական խոյանքներով կերտեց հայոց պատմութեան ամենավճռորոշ յաղթական հերոսամարտը:
* Աշխարհի պատմութեան մէջ հերոսամարտերը միշտ չէ, որ յաղթական աւարտի կը հասնին:
Եւ սակայն մայիս 28-ով խորհրդանշուող Սարդարապատի հերոսամարտը հասաւ իր յաղթական աւարտին` ամրագրելով հայութեան յաւիտենական երթը, եւ` անկախ գոյութիւնը ազգերու ընտանիքին մէջ, վեց դարերու գերութեան խաւար շրջանէ մը ետք:
Մեզ նախորդող սերունդները մեր գոյութեան ամրակուռ ազգային սահմանագծումը կատարեցին, թէկուզ պատմական Հայաստանի մէկ բեկորին` Արեւելեան Հայաստանի, Արարատեան դաշտին մէջ կերտեցին առաջին հանրապետութիւնը` կորիզը ապագային անպայման ընդարձակուելիք Միացեալ Հայաստանին:
ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ
(1945-2018)
* Մայիս 28-ը նոր լիցք տուաւ հայ քաղաքական մտածողութեան: Հայ ժողովուրդը ո՛չ միայն ազատ ու անկախ ապրելու փորձն ու վստահութիւնը ունեցաւ, այլ նաեւ զայն դարձուց իր քաղաքական հանգանակը:
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
(Շար. 10 եւ վերջ)
http://www.aztagdaily.com/archives/399285
Leave a Reply