Թուրքիոյ բանակի ներկայացուցիչները պիտի մասնակցին Պաքուի զօրահանդէսին

ԵՐԵՒԱՆ.- «Էրմինիհապեր».- Ատրպէյճանի Հանրապետութեան բանակի 100ամեակին առիթով, 26 յունիսին, Պաքուի մէջ կայանալիք զօրահանդէսին պիտի մասնակցին նաեւ Թուրքիոյ ցամաքային եւ օդային ուժերէն ներկացուցիչներ։

Զօրահանդէսի բացման արարողութեան ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Թուրքիոյ սպայակոյտի պետը, պաշտպանութեան նախարարը եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը:

Զօրահանդէսին կը մասնակցին Թուրքիոյ ցամաքային ուժերու կարգ մը ստորաբաժանումներ, ինչպէս նաեւ այդ երկրի օդուժէն յատուկ խումբեր, որոնք ցուցադրական թռիչնքներ պիտի կատարեն արդիականացուած «Էֆ. 16» ամերիկեան ռազմական օդանաւերով:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2018
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ