Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, քրտական Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէն Տիարպեքիրէն առաջադրուած Կարօ Փայլան արձանագրեց փայլուն արդիւնքեր։
Վկայակոչելով թրքական Milliyet-ի տեղեկութիւնները՝ News.am կը հաղորդէ, թէ Տիարպեքիրի մէջ Կարօ Փայլանի կուսակցութիւնը հաւաքած է 65 տոկոս ձայն։ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ զարգացումը՝ 21, իսկ միւս կուսակցութիւնները՝ 3 տոկոսէն պակաս։
Խորհրդարանին մէջ Կարօ Փայլանի աշխոյժ քաղաքականութեան եւ նախընտրական հրաշալի աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ Կարօ Փայլան մեծ թիւով ձայներ ապահովեց իր կուսակցութեան համար եւ ընտրուեցաւ 27-րդ գումարման խորհրդարանի երեսփոխան։
Նշենք, որ քրտական կուսակցութիւնը հատած է 10 տոկոսի սահմանը եւ խորհրդարան յայտնուած է 66 պատգամաւորով։
Leave a Reply