Հայաստանի համար Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը մեծ նշանակութիւն ունի

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան, յունիս 5ին լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Իսրայէլի խորհրդարանին (Քնեսեթ) կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի քննարկման:

Բալայեան նշեց, որ Հայաստանի համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը մեծ նշանակութիւն ունի, եւ «մենք պիտի շարունակենք այս ուղղութեամբ առաջնորդող դերակատարութիւն ունենալ միջազգային հանրութեան ջանքերուն մէջ»:

«Ցեղասպանութեան յանցագործութեան ճանաչումը համամարդկային արժէքներու գերակայութեան, մարդկային իրաւունքներու վերահաստատման գործընթաց է՝ կոչուած նման ոճիրներու կանխարգիլման եւ անոր կրկնութեան բացառման, անկախ ներքաղաքական ծիրէն եւ աշխարհաքաղաքական իրադրութենէն», ընդգծեց ան:

Տիգրան Բալայեան նաեւ յայտնեց, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ընդունուած տասնեակ բանաձեւերը ցոյց կու տան, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը անշրջելի է:

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2018
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ