«Թուրքիան կրնայ նոր զինուորական գործողութեան նախաձեռնել իրաքեան Քանտիլի մէջ» կ՛ըսէ Պոզտաղ

•

Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պեքիր Պոզտաղ յայտարարած է, որ թրքական զինեալ ուժերը որեւէ պահու կրնան գործողութեան սկսիլ Իրաքի հիւսիսը գտնուող Կորդուաց լեռներու շրջանին մէջ գործող քիւրտ զինեալներուն դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը:

«Բոլորը գիտեն, թէ Քանտիլը (Կորդուաց լեռները, «Ա.») ահաբեկիչներու կեդրոնն է: Թուրքիան բազմիցս գործողութիւններ կատարած է Քանտիլի մէջ: Այսուհետեւ ալ կրնանք մուտք գործել Քանտիլ, որեւէ վայրկեան որեւէ բան կրնայ ըլլալ: Մենք պէտք է լաւ յիշենք, թէ ուր նոյնիսկ մէկ ահաբեկիչ եւ Թուրքիոյ նկատմամբ թէկուզ փոքրիկ վտանգ կայ` այդ տարածքը մեզի համար բացայայտ թիրախ է», ըսած է Պոզտաղ:

http://www.aztagdaily.com/archives/395847 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2018
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ