Թուրքիոյ զարգացման նախարարութեան աջակցութեամբ՝ սահմանամերձ Հաթայ քաղաքին մէջ բացուած են խոհարարական դասընթացներ, որոնք պիտի ընթանան «Պատմութենէն եկած համեր» խորագիրին ներքոյ։
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ ընդհանուր 550 ժամ տեւող դասընթացներուն Հաթայի Սամանտաղ շրջանին մէջ գտնուող հայկական Վաքըֆ գիւղէն պիտի մասնակցի 28 կին։
Դասընթացներու ժամանակ՝ հայ կիները պիտի պատրաստեն աւանդական տոլմա եւ շարք մը այլ ուտեստներ:
Նշեալ ծրագիրին իր աջակցութիւնը յայտնած է Հաթայի մէջ գտնուող հայկական առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադրամը։ Վերջինիս նախագահ Ճեմ Չափարի խօսքերով՝ այս նախագիծին համար հայկական եկեղեցիին յատկացուած է 198.000 թրքական լիրա (մօտ 42.000 տոլար)։
Leave a Reply