ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»-Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ընդունած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան այն առաջարկը, թէ խորհրդարանին (Քնեսեթ) մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւի քննարկումները պէտք է յետաձգուին, առնուազն՝ մինչեւ Թուրքիոյ մէջ յունիս 24ին նախատեսուած նախագահական եւ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները:
Յունիս 3ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարած է, թէ այս որոշումը տրուած է՝ նկատի ունենալով այն հաւանականութիւնը, թէ այս հարցը «կրնար Էրտողանի կողմէ օգտագործուիլ նախընտրական արշաւին ընթացքին»:
Իսրայէլեան մամուլը կ՛աւելցնէ, թէ Նեթանիահու նաեւ յետաձգած է նախարարական օրէնսդիր յանձնախումբին մէջ նախատեսուող Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծի քննարկումը՝ խնդրելով, որ այդ նիւթը վերցուի յունիս 3ին կայանալիք նախարարական յանձնախումբի հանդիպման օրակարգէն:
Նշենք, որ Քնեսեթի նախագահ Եուլի Էտըլշթայն անցեալ շաբաթ անորոշ ժամանակով յետաձգած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով ծրագրուած քուէարկութիւնը, որովհետեւ վստահ չէր, թէ անիկա պիտի ապահովէր ձայներու մեծամասնութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Փետրուարին Իսրայէլի խորհրդարանը մերժած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին այլ բանաձեւ մը:
«Կարելի է պաշտպանել այն տեսակէտը, թէ Իսրայէլ իրականութեան մէջ բնա՛ւ կողմնակից չէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն, որովհետեւ այս կերպով կարելիութիւնը կ՛ունենայ միշտ Թուրքիոյ դէմ սպառնալիքներ կատարելու եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խնդիրը իբրեւ զէնք գործածելու։ Բայց հարցը այն է, թէ թրքական կողմը որքանո՞վ կը հաւատայ այդ սպառնալիքներուն», կը գրէ «Մարմարա»։
Asbarez.com
Leave a Reply