ԱՍԱԼԱ–ի (Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ) «Խրիմեան Հայրիկ» գործողութեան մարտիկ Լեւոն Էքմէքճեանի աճիւնի հարցը մեծ վրդովմունք յառաջացուցած է Լեւոնի հարազատներուն եւ ընկերներուն համար:
Այս մասին յայտնած է Լեւոնի հարազատ եղբայրը` Դրօ Էքմէքճեան, որ այս մասին հանդէս եկած է մամլոյ ասուլիով: Ան մասնաւորապէս ըսած է. «Եղած ոսկորները կնոջ եւ շան ոսկորներ դուրս եկան: Իմ կասկածս ան է, որ Թուրքիոյ մէջ գիտեն, թէ ուր թաղուած է իմ եղբայրս»,- նշելով, որ իրենց համար եղածը վիրաւորական արարք է: Ան նաեւ նշած է, որ Լեւոնի հարազատները որոշած էին այդ աճիւնը Երեւան փոխադրել եւ նահատակի վերաթաղումը կազմակերպել Եռաբլուրի զինուորական պանթէոնին մէջ: Դրօ Էքմէքճեան նաեւ նշած է, որ Թուրքիոյ «Մարդկային Իրաւանց մարմին»ը որ զբաղուած է այս խնդիրով, տակաւին չէ տեղեկացած DNA-ի արդիւնքներէն: «Մենք պիտի կապուինք Պոլսոյ մէջ գործող Մարդկային Իրաւանց Մարմին»ի պատասխանատուներէն փաստաբան` Էրէն Քէսքինին հետ եւ զինք տեղեակ պահենք եղածէն»,- ըսած է Էքմէքճեան նշելով, որ եղածն ընդունելի չէ: «Իմ կարծիքս ան է, որ Թուրքիոյ մէջ վստահ գիտեն, թէ ուր թաղուած է եղբայրս: Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ ուրիշի մը աճիւնները տան Լեւոնի աճիւններուն փոխարէն: Պատկերացուցէք, որ այդ աճիւններու տէրը թուրք ջարդարարի մը զաւակը ըլլայ ու մենք պիտի երթայինք եւ ծաղիկ դնէինք անոր շիրիմին»:
Էքմէքճեան նաեւ ըսաւ, որ այս տիպի գործ մը պէտք է Եւրոպական Մարդկային Իրաւանց Դատարան ներկայացուի սակայն իրենք, որպէս Լեւոն Էքմէքճեանի հարազատներ նիւթական բաւարար միջոցներ չունին այդ գործը իրականացնելու:
Յիշեցնենք, որ 1983 թուականին «ԱՍԱԼԱ»ի մարտիկներ Լեւոն Էքմէքճեան եւ Զօհրապ Սարգիսեան զինեալ յարձակում գործած էին Անգարայի Էսէնպողա օդակայանին մէջ գտնուող թուրք զինուորներու կեդրոնի մը վրայ եւ կրակ բանալով սպաննած 9 ու վիրաւորած 82 անձեր: Դէպքի վայրը սպաննուած էր «ԱՍԱԼԱ»ի մարտիկ Զօհրապ Սարգիսեանը, մինչ Էքմէքճեան ծանրօրէն վիրաւորուելէ ետք կալանաւորուած էր: Պէյրութ ծնած Էքմէքճեան վեցամսեայ տանջանքներ կրելէ ետք մահապատիժի ենթարկուած էր: Էքմէքճեան կը հանդիսանայ արդի Թուրքիոյ պատմութեան մէջ այն վերջին բանտարկեալը, որ մահապատիժի կ’ենթարկուի: Թուրքիոյ իշխանութիւնները հայ մարտիկին մահապատիժի ենթարկած են 35 տարի առաջ ՝ 23 Յունուար 1983-ին:
Arevelk.am
Leave a Reply