ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ խոստացած է քննարկել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը՝ ընդունելով, որ ցարդ այդ մասին բաւարար տեղեկութիւններ չունի։
Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստին ընթացքին, Փոմփէօ այս հաստատումը կատարած է ի պատասխան քոնկրեսական Տէյվիտ Սիսիլինի մէկ հարցումին, թէ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու դէմ կատարուած սպանդները Ցեղասպանութիւն կը նկատէ՞:
Իր կարգին, քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն յոյս յայտնած է, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը առնուազն «չէզոք դիրքորոշում» կ՛որդեգրէ, երբ քոնկրեսականները քննեն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու եւ ասորիներու դէմ ցեղասպանութիւնները ճանչնալու հարցը:
Asbarez.com
Leave a Reply