Էրտողան Իսրայէլին սպառնացած է տնտեսական պատժամիջոցներով

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յոյս ունի, որ Իսլամական համագործակցութիւն կազմակերպութեան երկիրները պոյքոթի պիտի ենթարկեն իսրայէլեան ապրանքները: Էրտողան յոյս յայտնեց նաեւ, որ 24 յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Թուրքիա եւս այդպէս պիտի վարուի:

Այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»-ի, կը յայտնէ թրքական «Հապերթուրք»-ը:

«Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ծիրին մէջ մենք որոշում տուինք կոչ ուղղելու կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն պոյքոթի ենթարկելու իսրայէլեան ապրանքները: Կը ցանկամ, որ կազմակերպութեան անդամ երկիրները արտահանման եւ ներմուծութեան արգելքը կիրարկեն Իսրայէլի նկատմամբ եւ բացառեն իսրայէլեան ապրանքներ գնելը», նշեց Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի վերանայի յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ, մասնաւորաբար տնտեսական եւ առեւտրային մարզերուն մէջ:

«Մենք վերատեսութեան պիտի ենթարկենք մեր յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ, մասնաւորաբար տնտեսական եւ առեւտրական մարզերուն մէջ: Յառաջիկային մեր երկրին մէջ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան, անկէ ետք մենք այդ ուղղութեամբ քայլերու պիտի ձեռնարկենք», աւելցուց Էրտողան:

Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ դիւանագիտական տագնապը կապուած է Կազայի հատուածին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն հետ:

http://www.aztagdaily.com/archives/394397

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2018
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ