Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը օրակարգ բերելը քաղաքական քայլ է` ուղղուած Թուրքիոյ դէմ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, նշած է Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Նոյեմի Նալպանտեան՝ ընդգծելով, որ հայ համայնքը այդ ուղղութեամբ ոգեւորուած չէ:
«Կազայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու հետ կապուած` վերջին օրերուն Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները սրած են: Քանի որ Թուրքիան դէմ կ՝արտայայտուի Իսրայէլի գործողութիւններուն եւ սուր կերպով կը քննադատէ, հետեւաբար Իսրայէլն ալ, իբրեւ քաղաքական քայլ, շրջանառութեան մէջ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նախագիծը: Ատիկա չ՝ուրախացներ մեզ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը դարձած է խաղաթուղթ, մենք կ՝ուզենք անիկա ճանչցուի, որովհետեւ Թուրքիան մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն կատարած է, այլ ոչ թէ օրակարգ բերուի քաղաքական այս կամ այն շահէն մեկնած»,- ըսած է Նոյեմի Նալպանտեան՝ յիշեցնելով, որ մօտ երեք ամիս առաջ Քնեսեթի պատգամաւորներէն մէկը այս հարցը դրած էր խորհրդարանի օրակարգ, սակայն չանցաւ:
Թէ երբ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ քուէարկութեան պիտի դրուի, Նոյեմի Նալպանտեան դժուարացաւ պատասխանելու՝ նշելով, որ ատիկա կրնայ պատահիլ որեւէ մէկ օր՝ կախուած քաղաքական իրավիճակի զարգացումէն:
«Այս պահուն նոյնիսկ դժուար է ըսել, թէ խորհրդարանին մէջ հարցի քուէարկութեան ինչպիսի արդիւնք կարելի է սպասել, որովհետեւ պատգամաւորներէն, կառավարութենէն տարբեր ազդակներ կու գան: Իսրայէլի նախագահը նշած էր, որ քաղաքական հարցէն մեկնած՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները վատթարացած են, սակայն տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ կը շարունակեն աշխատիլ: Հետեւաբար` այս պահուն չենք կրնար ըսել հարցը պիտի ընդունուի, թէ՝ ոչ: Ամէն պարագայի կառավարութեան ազդեցութիւնը մեծ է, եթէ փափաքի՝ կրնայ նպաստել, որ հարցը անցնի»,- աւելցուցած է Նոյեմի Նալպանտեան:
http://www.yerakouyn.com/?p=154338
Leave a Reply