Գիտաժողով Երեւանի պետական համալսարանին մէջ` «Կրթամշակութային կեանքը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տարիներուն» խորագիրով

Երեւանի պետական համալսարանին մէջ սկսաւ «Կրթամշակութային կեանքը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տարիներուն» խորագիրով գիտաժողովը` նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակին:

Գիտաժողովի ընթացքին զեկուցումներ պիտի ներկայացուին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տարիներուն ձեւաւորուած գրական-մշակութային կեանքին եւ անոր առանձնայատկութիւններուն վերաբերեալ, անդրադարձ պիտի կատարուի գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտներուն մէջ պետական քաղաքականութեան հիմքերուն, որոնց շարքին` ձեւաւորուող հանրակրթական համակարգին, բարձրագոյն կրթական օճախներու կազմակերպման եւ անոնց կրթական գործունէութեան:

http://www.aztagdaily.com/archives/393527

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2018
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ