Քրտամէտ կուսակցութիւնը կը խոստանայ հայ-թրքական սահմանը բանալ առանց նախապայմաններու

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Անգարայի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ մայիս 15ին կայացած է Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ժողովը, որուն ընթացքին հրապարակուած է կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը, որ կեանքի պիտի կոչուի՝ եթէ կուսակցութիւնը յաղթանակ արձանագրէ յունիս 24ին Թուրքիոյ մէջ կայանալիք կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին:

Ըստ թրքական «Մայնեթ» լրատուական կայքին՝ վերոնշեալ ծրագիրի հեղինակն է բանտարկուած Սալահետտին Տեմիրթաշը, որ նաեւ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածուն կը հանդիսանայ:

Ծրագիրին մէջ կը խօսուի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան մարզերուն մէջ իրականացուելիք քայլերու եւ փոփոխութիւններու մասին: Արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հատուածին մէջ ակնարկութիւն կայ նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն: Հոն կ՛ըսուի. «Հայաստանի նկատմամբ կիրառուող տնտեսական արգելքը պիտի վերացուի, տնտեսական ոլորտէն ներս պիտի առնուին անհրաժեշտ քայլեր եւ պիտի զարգանան քաղաքական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Թուրքիոյ կողմէ միակողմանի կերպով փակուած հայ-թրքական սահմանը պիտի բանանք՝ առանց նախապայմաններու, եւ պիտի աջակցինք Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման ջանքերուն»:

Միւս կողմէ, քրտամէտ կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Մայիս 15ին հաղորդած է, թէ յաջորդ օրը վերջապէս պիտի տեսակցի Տեմիրթաշի հետ, որ 2016էն ի վեր բանտարկուած կը մնայ։ Փայլան այս մասին գրած է. «Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարը 18 ամիս ետք բաւարարեց դիմումս՝ Սալահետտին Տեմիրթաշին հետ տեսակցելու վերաբերեալ: Անիկա իմ ներկայացուցած 86րդ դիմումն էր: Եթէ Տեմիրթաշին ուղղելիք հարցումներ կամ առաջարկութիւններ ու ողջոյններ կ՛ուզէք յղել, ապա գրեցէ՛ք ինծի: Վաղը կը փոխանցեմ իրեն»:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2018
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ