Եւրոմիութիւնը մէկ անգամ եւս հաստատած է, որ դեռ պատրաստ չէ իր կազմին մէջ ընդունելու Թուրքիան։ Ինչպէս յայտնի է, վերջինս արդէն քանի մը տասնամեակ ապարդիւն փորձ կատարած է ԵՄ անդամ դառնալու։
Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Եւրոպայի յանձնաժողովի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներէն մէկը, որուն անունը չի հրապարակուիր, ռուսական «Իզվեսթիա» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին մասնաւորապէս ըսած է. «Եւրոմիութիւնը պատրաստ չէ յառաջիկայ 10-15 տարուան ընթացքին Թուրքիան ընդունելու իր կազմին մէջ»։
ԵՄ ներկայացուցիչը նշած է, որ Թուրքիան թէ՛ տնտեսական ցուցանիշներով, թէ՛ ժողովրդավարական արժէքներու տեսանկիւնէն դեռ չի համապատասխաներ ԵՄ չափանիշներուն։
«Վիճակը չէ փոխուած։ Անգարան յառաջիկայ 10-15 տարուան ընթացքին ԵՄ անդամ դառնալու հնարաւորութիւն չ՝ունենար։ Եւ ատոր պատճառը միայն կուտակուած քաղաքական խնդիրները չեն։ Բայց պէտք է նաեւ հաշուի առնել, որ յառաջիկային ո՛չ մէկ երկիր չի մտներ Եւրոմիութեան կազմին մէջ, քանի որ սկզբունքօրէն ընդլայնում չի ծրագրուիր»։
Եւրոպական խորհրդարանի՝ ԵՄ–Թուրքիա յարաբերութիւններու գծով պատասխանատու կոմիտէի անդամ Նատիա Հիրշ եւս հաստատած է այս տեղեկութիւնը։
«Մենք Թուրքիոյ ԵՄ անդամակցութեան ուղղուած բաց բանակցութիւններ կը վարենք, սակայն այդ երկրին մէջ շարունակուող արտակարգ դրութեան վիճակը, մարդու իրաւունքներու ոտնահարումները, մամուլի ազատութեան սահմանափակումները, իշխանութիւններու տարանջատման սկզբունքի ոտնահարումը ցոյց կու տան, որ Թուրքիոյ ԵՄ անդամակցութիւնը այս պահուն անհնար է»,- նշած է Հիրշ։
Աւելցնենք, որ Եւրոպայի խորհրդարանի՝ Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող Քեթի Փիրիի կողմէ Ապրիլին կազմուած զեկոյցին մէջ արձանագրուած էր, որ հակառակ Թուրքիոյ՝ ԵՄ չափանիշներուն համապատասխանելու ջանքերուն, այդ երկրին վիճակը այսօր աւելի վատ է, քան առաջ։
Leave a Reply