Սփիր Ցեղասպանութեան հարցը օրակարգի բերաւ քոնկրեսական քննարկումի մը ընթացքին

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ մայիս 9ին տեղի ունեցած Ներկայացուցիչներու տան Զինուորական սպասարկութեանց յանձնախումբի նիստին, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ճեքի Սփիր շեշտած է Միջին Արեւելքի մէջ բռնարարքներու կասեցման ջանքերուն ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան դասերէն օգտուելու կարեւորութիւնը։

Յիշեցնելով, որ իր նախահայրերը եւս Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն շարքին եղած են՝ Սփիր շեշտած է, թէ Միացեալ Նահանգներու բարոյական պարտաւորութիւնն է օգնել այլ երկիրներու, որ լիուլի հասկնան ցեղասպանութեանց հետեւանքները, որպէսզի կարելի ըլլայ անոնց առաջքը առնել։

Քոնկրեսական Սփիրի վկայութենէն հատուած մը կարելի է դիտել՝ այցելելով https://youtu.be/iHcqBEQbBx8 կայքէջը։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիրին, որ դարձեալ լուսարձակի տակ առած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անկէ դասեր քաղելու հարցը, եւ աւելցուց, որ Սփիր արդէն իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող Ներկայացուցիչներու տան թիւ 220 բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու ջատագովներէն մէկն է։

Յիշեցնենք, որ քոնկրեսականներ Տէյվ Թրաթի եւ Էտըմ Շիֆի կողմէ առաջ մղուող թիւ 220 բանաձեւը արդէն իսկ ապահոված է 118 քոկրեսականներու հովանաւորութիւնը։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2018
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ