Համբարձումը քրիստոնէական տօն է, սահմանուած՝ ի յիշատակ Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքի վերջին օրերուն (ըստ քրիստոնական եկեղեցւոյ ուսմունքի` Քրիստոսը խաչելութենէն 3 օր անց յարութիւն առած է եւ իր աշակերտները 40 օր այցելելէ ետք, համբարձած է երկինք): Համբարձումը կը պատկանի շարժական տօներու թիւին, ունի 35 օրուայ շարժականութիւն (Ապրիլի վերջէն մինչեւ Յունիսի սկիզբը), կը տօնուի Զատիկի 40-րդ օրը, հինգշաբթի: Ծագումով կը կապուի նախաքրիստոնէական տօնացոյցին (արտայայտած է մեռնող եւ յառնող Աստուծոյ, բնութեան զարթօնքի, վերածնութեան գաղափարները):
Համբարձման կիրակի օրը, տօնականօրէն զարդարուած երիտասարդներն ու աղջիկները կը կազմակերպեն տօնախմբութիւններ` Համբարձման նուիրուած երգերու, պարերու խաղերու ու մրցոյթներու զուգակցութեամբ:
Ըստ ժողովրդական հաւատալիքներու, իբրեւ թէ Համբարձման գիշերը բոլոր բոյսերը իրարու հետ կը զրուցեն, ջուրերը րոպէական կանգ կ’առնեն, գերբնական զօրութիւն կը ստանան, եթէ այդ ջուրին մէջ որեւէ առարկայ դնեն ու ցանկութիւն յայտնեն` ոսկի կը դառնայ, բուժիչ յատկութիւն կ’ունենայ եւ այլն:
Համբարձման նախորդ օրը աղջիկները դաշտէն ծաղիկներ կը հաւաքեն եւ եօթ աղբիւրներէ ջուր կը տանին սափորով: Հաւաքած ծաղիկներէն կը կազմեն փունջեր, որոնք կը կոչուին համբարձումներ (այդտեղէն ալ ` տօնակատարութեան անունը), կը բաժնեն զանոնք տունէ տուն եւ փոխարէնը կը ստանան (հաւկիթ, հաւ, հաց ու պանիր , կանաչեղէն, բանջարեղէն…), որ կը կոչուի ծաղկափայ: Ջուրով լի սափորը, որուն մէջ կը դնեն զանազան առարկաներ (մատնոց, մատանի, ուլունք եւ այլն) վիճակ հանելու համար, կը պահեն տղաներէն, որպէսզի անոնք չգտնեն ու «փրկանք» չպահանջեն :
Համբարձման օրը կը հաւաքուին, կը վերցնեն սափորը, նաեւ ուտելիքը եւ կ’երթան դաշտ, այգի կամ որեւէ հեռու տեղ, կը խմեն, կ’ուրախանան, «ջանգիւլումներ» կ’երգեն.
Մեր դրանը խնկի ծառ,
Գիւլում ջան,
Ձեր դրանը խնկի ծառ,
Գիւլում ջան,
Ջանգիւլումները Հայաստանի բոլոր գաւառներու մէջ չափազանց մեծ դեր ունեցած են եւ մինչեւ այսօր ալ ունին: Բուն ժողովրդական «Ծառիս տակը մանիշակ» երգը.
Ծառիս տակը մանիշակ,
Ջան գիւլում , ջան, ջան
Իմ եարը քեզ քանց շիտակ ,
Ջան գիւլում , ջան, ջան
Ութ թումանից անց կենամ ,
Ջան գիւլում , ջան, ջան
Քեզ կ’անեմ եարիս մշակ,
Ջան գիւլում , ջան, ջան
Ջան գիւլումները յայտնի են նաեւ խաղիկ անունով:
Համբարձման տօնին կը մասնակցին միայն գիւղի երիտասարդ հարսերն ու աղջիկները :
Ահա թէ ինչու այդ տօնակատարութեան ժամանակ կատարուող բոլոր երգերը կանանց հեղինակութիւնն են: «Ջան գիւլում»-ի իւրաքանչիւր քառեակէն ետք վիճակ կը հանեն
Էսօր մեզ Համբարձըմ ա,
Աստծուն փառքի բարձըմ ա,
Քրիստոս երկինք համբարձաւ,
Ողջիս բախտը բացւում ա:
http://www.yerakouyn.com/?p=153684
Leave a Reply