Այս բառերով, Արամ Ա. հայրապետը Ուրբաթ, 4 մայիսին ողջունեց «Թռչնոց բոյն»ի տնօրէնութիւնն ու պաշտօնէութիւնը՝ յիշեցնելով անոնց ո՛չ միայն մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ «Թռչնոց բոյն»ի կատարած որբահաւաքի եւ Ցեղասպանութենէն վերապրած մեր որբերու դաստիարակութեան հսկայ գործը, այլ նաեւ շարունակուող մարդասիրական առաքելութիւնը: «Թռչնոց բոյն»ը տունն է մեր ազգի բոլոր որբացած զաւակներուն եւ զանազան պատճառներով ընտանեզուրկ ու անտէր մանուկներուն: Այս տան մէջ անոնք կը վայելեն խնամքն ու սէրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան», շեշտեց հայրապետը:
Ապա, կաթողիկոսը շուրջ ժամ մը եղաւ փոքրիկներուն հետ ու մօտէն հետեւեցաւ անոնց աշխատանքներուն ու մանկական խաղերուն: Ան նաեւ այցելեց որբերուն յատուկ շինութեան ընթացքի մէջ գտնուող ննջարանները եւ իր գնահատանքը յայտնեց տարուող աշխատանքներուն, որոնք շուտով իրենց աւարտին պիտի հասնին:
«Թռչնոց բոյն» կատարած իր հայրական այցելութեան վերջին հանգրուանը եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը, ընկերակցութեամբ թանգարանի խնամակալութեան փոխատենապետին Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի: Վեհափառը շրջեցաւ թանգարանի զանազան բաժանմունքները, մօտէն տեղեակ դարձաւ անոր աշխատանքներուն, հայ թէ օտար այցելուներու ցուցաբերած լայն հետաքրքրութեան ու դրական տպաւորութեան եւ անհրաժեշտ ցուցմունքները կատարեց՝ անգամ մը եւս յիշեցնելով թանգարանին եզակի բնոյթն ու դերը հայ իրականութեան մէջ:
Asbarez.com
Leave a Reply