Ցեղասպանութեան հրահանգները մերժած թուրք պաշտօնատարները

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսահայ Երուանդ Էօզուզուն, որ ներկայիս կը վարէ «Հայ Թերթ» կայքը եւ որ երեսփոխան Սելինա Տողանի հայրն է, իր կայքին վրայ գրի առած է թրքերէն յօդուած մը, որուն մէջ յարգանքով կը յիշատակէ բոլոր այն թուրք թաղապետները, կուսակալները, պաշտօնատարները, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն մերժեցին իրենց ուղարկուած հրամանագիրները գործադրել եւ այդ պատճառով ալ պատժուեցան կամ սպաննուեցան։ Հայերէնի թարգմանելով՝ կու տանք վերոյիշեալ յօդուածէն հատուածներ.

«1915ի առաջին ամիսներէն սկսեալ, ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ բոլոր նահանգներուն գաղտնի հեռագիրներ կ՛ուղարկուին։ Այդ հեռագիրներով կը հրահանգուի, որ հայերը Հալէպի հարաւը՝ Տէր Զօր, Ռաքքա, Մուսուլ քշուին։ Կային սակաւաթիւ պաշտօնատարներ, որոնք մերժեցին գործադրել հրահանգը եւ չարտօնեցին, որ հայերը տեղահանութեան, սպանութեան, մահուան ճամբորդութեան ենթարկուին։ Անոնք գիտէին, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «տեղահանութիւն»։ Անիկա իրականութեան մէջ բռնագաղթ մըն էր… դէպի մահ ճամբորդութիւն մը։ Անոնք, գիտնալով հանդերձ, թէ այդ մերժումը ի՛նչ պիտի արժէր իրենց համար, չգործադրեցին հրահանգը՝ անսալով իրենց խիղճի ձայնին։ Անոնք կուսակալ, զինուոր կամ պետական պաշտօնակատար էին։ Եւ որովհետեւ կատարուած հրահանգը չգործադրեցին, պաշտօնէ զրկուեցան, տեղահան եղան, սպաննուեցան։ Յիշե՛նք բոլոր անոնք, որոնք խղճահարութեամբ տէր կանգնեցան հայերուն՝ Անգարայի կուսակալ Հասան Մազհար պէյ, Քոնիայի եւ նախապէս Հալէպի կուսակալ Ճելալ պէյ, Քիւթահիայէն պաշտօնակատար Ֆայիէ Ալի պէյ, Լիճէյի գաւառապետ Հիւսէյն Նեսիմի պէյ, Մարտինէն պաշտօնակատար Հիլմի պէյ, Քասթամօնուի կուսակալ Ռեշիտ պէյ, Էրզրումի կուսակալ Թահսին պէյ, Պասրայի կուսակալ Ֆերիթ պէյ, Եօզկատէն պաշտօնակատար Ճեմալ պէյ, Պեշիրի քաղաքապետ Սապիթ պէյ, Միտիաթի գաւառապետ Նուրի պէյ, Մալաթիոյ քաղաքապետ Մուսթաֆա Ազիզօղլու եւ Ուրֆայէն՝ Հաճը Հալիլ էֆենտի։

1915ի տարելիցին առթիւ, յարգանքով կը յիշատակեմ բոլոր այս պարկեշտ ու խղճամիտ անձերը, նաեւ՝ անմեղ ու անշիրիմ մեր նահատակները»։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2018
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ