1915-ին հայ եւ ասորի ժողովուրդները այստեղ մեծ աւեր տեսան. Կարօ Փայլան այցելած է պատմական Սուր շրջան

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան այցելած է այժմեան Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող հայկական Տիգրանակերտ (Տիարպեքիր) նահանգի Սուր շրջան, ուր քիւրտ-թրքական բախումներու հետեւանքով աւերածութիւններ եղած են:

Փայլանի թուիթըրեան էջէն կը տեղեկանանք, որ ան կոչ ըրած է միասնաբար ձեռնամուխ ըլլալու Սուրի վերականգնման եւ նշած, որ այդ աւերումը դաւաճանութիւն է մարդկութեան ու համաշխարհային քաղաքակրթութեան դէմ:

«Սուրը 100 տարի առաջ ալ նման աւեր տեսած է: 1915-ին հայ ժողովուրդը, ասորի ժողովուրդն այստեղ մեծ աւեր տեսան ու բռնի գաղթեցին, իսկ հիմա` մէկ դար անց, նոյն վայրի մէջ նոր աւեր կ՛իրականացուի»,- ըսած է ան` նշելով, որ պէտք է վայրկեան առաջ Սուրը կրկին ոտքի կանգնեցնել:

Նշենք, որ քիւրտերու դէմ իրականացուած գործողութիւններէն ետք Սուրի մէջ պետականացուած գոյքի ցուցակին մէջ յայտնուած էր նաեւ հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, որ նոյնպէս հսկայական վնասներ կրած է:

http://www.yerakouyn.com/?p=153153

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2018
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ