«Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին առիթով կը յիշենք հայ ժողովուրդին արհաւիրքները եւ կը գնահատենք անոր գոյատեւումը, քաջութիւնն ու վճռակամութիւնը» շեշտեց նախագահ Աուն

Կառավարութիւնը երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Նախագահ Աուն նիստին բացումը կատարեց ըսելով. «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին առիթով կը յիշենք հայ ժողովուրդին արհաւիրքները եւ կը գնահատենք անոր գոյատեւումը, քաջութիւնն ու վճռակամութիւնը: 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան եւ 1916-ի սովի ընթացքին լիբանանցիներուն կրած տառապանքներուն միջեւ հսկայ նմանութիւն կայ: Հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն տառապանքը կը նոյնանայ, հակառակ անոր որ անոնց պատճառները իրարմէ կը տարբերին»:

Ան բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը Լիբանանի մէջ:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն մաղթեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայանան հանդարտութեան ու համախոհութեան մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին լիբանանցի ժողովուրդին կամքը յաղթէ` նկատի ունենալով, որ լիբանանցին պատասխանատու է իր ներկայացուցիչները ընտրելու առումով:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ ուրբաթ, 4 մայիսն ու երկուշաբթի, 7 մայիսը ըլլան դպրոցական արձակուրդի օրեր, որպէսզի քուէարկութեան եւ քուէահամարի աշխատանքները հեզասահ ընթանան` նկատի ունենալով, որ մեծ թիւով դպրոցներ պիտի վերածուին ընտրական կեդրոններու:

Նախագահ Աուն նշեց նաեւ, որ 2018-ի պետական ամավարկի թիւ 49 յօդուածին առումով իրենք կը սպասեն Սահմանադրական խորհուրդի որոշումին:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ Տահրանի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած Արաբական վեհաժողովին եւ անոր արձանագրած արդիւնքներուն: Ան նշեց, որ վեհաժողովէն բխած բանաձեւերը մեծաւ մասամբ ի նպաստ Լիբանանի էին` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի վերաբերող բանաձեւերուն Լիբանան դէմ քուէարկեց:

Նշենք, որ նախքան նիստին գումարուիլը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին խորհրդակցեցան նախարարաց խորհուրդին քննարկելիք 61 կէտերէ բաղկացած օրակարգին շուրջ:

Նիստէն ետք ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի ներկայացուց կառավարութեան որոշումները, որոնք ընդգրկեցին շարք մը նշանակումներ:

Ապու Ասի հաստատեց, որ կառավարութիւնը որոշած է 4 եւ 7 մայիսը արձակուրդի օրեր նկատել:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը համաձայնութիւն յայտնած է ելեկտրականութեան մարզի տագնապի լուծման վերաբերող ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլի ներկայացուցած ծրագիրին:

http://www.aztagdaily.com/archives/391324

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2018
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ