Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում եւ մեծարումներ Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին մէջ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Չորեքշաբթի, ապրիլ 18ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 103ամեակի ոգեկոչման պաշտօնական ձեռնարկ մը։ Անոր ընթացքին մեծարուեցան կրթական մարզէն հայեր ու Ցեղասպանութեան պատմութիւնը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու գործին մէջ յատկանշական աւանդ ունեցողներ։

Մեծարեալներն էին՝ Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի ժամանակաւոր վերահսկիչ Վիվիան Էքճեան, յայտնի պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական ամէնօրեայ առաջին վարժարանի հիմնադիր Գաբրիէլ Ինճէճիքեան, ինչպէս նաեւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ գործող «Շօա» հիմնարկը, ուր վերջին քանի մը տարիներուն փոխադրուած են Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութեանց մեծագոյն հաւաքածոները։

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Փօլ Գրիգորեան շեշտեց, թէ Ցեղասպանութեան զոհերը սգալու կողքին, պէտք է նաեւ տօնենք վերապրողներուն իրագործումներն ու արձանագրած յաջողութիւնները, միաժամանակ մօտէն քննարկելով Ցեղասպանութեան ունեցած հետեւանքները՝ հայութեան եւ համայն մարդկութեան վրայ։ Ան եզրափակեց ըսելով, թէ նման անարդարութեան մը դէմ կարեւորագոյն զէնքը կը մնայ կրթութիւնն ու ուսումը։

Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին մէջ կայացած հանդիսութիւնը կարելի է դիտել՝ այցելելով www.facebook.com/krekorian/videos/1931604463518782 կայքէջը։

Asbarez.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2018
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ