ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով զբաղող խորհուրդը ապրիլ 17ին դատապարտած է Սուրիոյ Աֆրին քաղաքին մէջ Թուրքիոյ գործողութիւնները:
Ըստ խորհուրդի յայտարարութեան՝ Աֆրինի բռնագրաւումէն ետք վատթարացած է տեղւոյն բնակչութեան վիճակը:
Յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ Թուրքիոյ առաջնորդած ռազմական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք՝ տեղւոյն բնակչութեան մէկ կարեւոր մասը տեղահան եղած է, իսկ մնացողներուն մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու ջանքերը աւելի դժուարացած են, Անգարայի պարտադրած խիստ պայմաններուն պատճառով։
Asbarez.com
Leave a Reply