Հայ Դատը կոչ կ՛ընէ զօրակցելու Թրամփի ուղղուած՝ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նամակին

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ համագործակցաբար, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը Ապրիլ 11ին կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն՝ ստորագրելու իր հեղինակած այն նամակը, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն կը պահանջէ վերջ տալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու նպատակով Թուրքիոյ կողմէ Ուաշինկթընին պարտադրուած լռութեան, եւ անկեղծօրէն, յստակօրէն ու ճշգրտութեամբ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը։

«Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ամէն օր վնաս կը հասցնէ ամերիկեան շահերուն, վիրաւորական արտայայտութիւններ կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներու հասցէին եւ նոյնիսկ կը սպառնայ յարձակիլ ամերիկեան ուժերուն վրայ, սակայն անոր իրաւունք կը տրուի վեթոյի ենթարկելու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան որդեգրելիք քաղաքականութիւնը։ Ժամանակը հասած է վերջ տալու Անգարայի այս պարտադրանքին», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։

Թրամփին յղուած սոյն նամակը ցարդ ստորագրած են Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետնր Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Թրաթ եւ Տէյվիտ Վալատաօ, ինչպէս նաեւ փոխատենապետներ Կաս Պիլիրաքիս եւ Էտըմ Շիֆ։

Այս նպատակով քոնկրեսականներուն վրայ ճնշում բանեցնելու համար, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ սկսած է նամակագրութեան արշաւի մը, որուն միանալու համար կարելի է այցելել www.anca.org/genocideկայքէջը։ Թրամփի հասցէագրուած նամակը կարդալու համար, այցելելhttp://anca.org/assets/pdf/trump_letter_dear_colleague_2018.pdfկայքէջը։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2018
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ