Թուրքիա տակաւին չէ կողմնորոշուած` Սուրիոյ դէմ հնարաւոր յարձակումին պիտի աջակցի՞, թէ ոչ

Թուրքիան տակաւին չէ կողմնորոշուած, թէ արդեօք պիտի աջակցի՞ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Սուրիոյ դէմ հնարաւոր ռազմական գործողութեան, թէ ոչ: Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ:

Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիոյ դէմ հնարաւոր հրթիռային յարձակումին ժամանակ Թուրքիան պիտի աջակցի՞ այս գործողութեան, Աքսոյ ըսած է. «Տեսնենք, տեսնենք, թէ ինչ ցոյց պիտի տան զարգացումները»:

Ան աւելցուցած է, թէ 7 ապրիլին սուրիական Տումա քաղաքին մէջ ենթադրեալ քիմիական յարձակումին ետին, Թուրքիոյ կարծիքով, կանգնած են Սուրիոյ իշխանութիւնները:

http://www.aztagdaily.com/archives/389803

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2018
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ