«Թուրքիան մտադիր չէ հրաժարիլ Ռուսիայէն զէնք ձեռք բերելու գաղափարէն` հակառակ Միացեալ Նահանգներու հակառուսական քաղաքականութեան» կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիան մտադիր չէ հրաժարիլ Ռուսիայէն «Էս-400 Թրիամֆ» տեսակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ձեռք բերելու գաղափարէն: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Անգարայի մէջ տնտեսական համախմբումի ընթացքին խօսք արտասանելու ընթացքին:

«Առ.Թի.» կայքը կը հաղորդէ, որ Էրտողան այդ յայտարարութիւնը կատարած է` Միացեալ Նահանգներու կողմէ Մոսկուայի դէմ հաստատուած նոր պատժամիջոցներու լոյսին տակ:

Էրտողան նաեւ նշած է, որ անվտանգութեան հարցին մէջ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը մտադիր է ինքնուրոյն որոշումներ տալ:

http://www.aztagdaily.com/archives/389515

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2018
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ