Թուրքիան մտադիր չէ հրաժարիլ Ռուսիայէն «Էս-400 Թրիամֆ» տեսակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ձեռք բերելու գաղափարէն: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Անգարայի մէջ տնտեսական համախմբումի ընթացքին խօսք արտասանելու ընթացքին:
«Առ.Թի.» կայքը կը հաղորդէ, որ Էրտողան այդ յայտարարութիւնը կատարած է` Միացեալ Նահանգներու կողմէ Մոսկուայի դէմ հաստատուած նոր պատժամիջոցներու լոյսին տակ:
Էրտողան նաեւ նշած է, որ անվտանգութեան հարցին մէջ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը մտադիր է ինքնուրոյն որոշումներ տալ:
Leave a Reply