Ֆիլմ կ՛արտադրուի ASALA-ի կողմէ սպաննուած դիւանագէտներու մասին

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը որոշած է վաւերագրական ֆիլմ մը արտադրել 1973-1985 թուականներուն Հայաստանի ազատագրութեան հայկական գաղտնի բանակին (ASALA) կողմէ սպաննուած մօտաւորապէս չորս տասնեակ թուրք դիւանագէտներու մասին։

Նախապէս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեալ թուրք դիւանագէտներու յիշատակին յուշարձաններ ու յուշատախտակներ հաստատած էր Սիտնիյի, Օթաուայի, Լա Հէյի, Լիզպոնի ու Վիեննայի մէջ, իսկ այս տարուան Մարտ 18ին, Յունաստանի թրքական դեսպանատան մէջ սպաննուած դիւանագէտներուն համար յիշատակի անկիւնի մը բացումը տեղի ունեցած էր:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2018
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ