Յունաստան յառաջիկայ օրերուն Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ ուժեր պիտի կուտակէ

Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Փանոս Քամենոս Թուրքիան կոչած է թշնամական երկիր եւ յայտարարած, որ իրենք անհրաժեշտութեան պարագային անձամբ պիտի երթան ու վերադարձնեն երկու յոյն զինուորները, զորս թրքական կողմը կը պահէ Էտիրնէի բանտին մէջ:

«Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարը շեշտած է, թէ Թուրքիոյ սադրիչ քայլերը իրենց նպատակին պիտի չծառայեն, ընդհակառակը, ա՛լ աւելի պիտի հզօրացնեն յոյն ժողովուրդը: «Անոնց սպառնալիքներն ու սադրանքները մեզի ծունկի պիտի չբերեն, այլ աւելի եւս պիտի զօրացնեն», ըսած է յոյն նախարարը:

Ան նաեւ յայտնած է, թէ Յունաստանը 7000 զինուորներէ բաղկացած ուժեր ուղարկած է Թուրքիոյ հետ սահմանամերձ կղզիներ:

«Եթէ այդքան համարձակութիւն ունին, թող գան աչք տնկեն մեր հողերուն վրայ: Յոյն ժողովուրդը պիտի ճզմէ զանոնք», յայտարարած է Քամենոս:

Օրեր առաջ Յունաստանի կառավարութեան բանբեր Տիմիթրիս Ցանաքլոփուլոս յայտարարած էր, թէ Թուրքիան այլեւս «կը հատէ արտօնելի սահմանը»` շարունակելով մերժել թուրք-յունական սահմանը կտրած երկու յոյն զինուորները վերադարձնել: Ան շեշտած էր, որ թրքական կողմը միջադէպէն մէկ ամիս ետք տակաւին չէ ձեւակերպած զինուորներու դէմ մեղադրականը:

Քամենոս երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն վատթարացման պատճառով յառաջիկայ օրերուն Թուրքիոյ հետ իր սահմանին վրայ ուժեր պիտի կուտակէ. 3500 զինուորներ պիտի տեղակայուին Եգէական ծովու կղզիներուն վրայ, իսկ 3500 այլ զինուորներ` Իվրոս կղզիին:

«Մենք մեր սեփական ուժերուն կը վստահինք, եւ դաշնակիցներէն կամ բարեկամներէն աջակցութիւն չենք սպասեր», ըսաւ ան` նշելով, որ, հակառակ տնտեսական տագնապին ու զինեալ ուժերու պիւտճէի կրճատման, իր երկիրը ամէն բան ըրաւ բանակի սպառազինման ու մարզումին համար:

Ան Ս. Զատկուան առիթով բանակին յղած իր պատգամին մէջ յունական բանակէն պահանջեց ամէն ինչ ընել «թրքական բանտերուն մէջ պատանդ պահուող» 2 յոյն զինուորները վերադարձնելու համար: «Զանոնք հոնկէ դուրս պիտի բերենք, եւ անոնք պիտի վերադառնան. ա՛յս է մեր նպատակն ու պարտաւորութիւնը», յայտարարեց Քամենոս:

Թրքական «Ենի Աքըթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ` խօսելով Յունաստանի մասին, ըսած է. «Մեր նահանգներէն մէկուն չափ երկիր մըն է ընդամէնը: Պոլիսէն նոյնիսկ քիչ մը փոքր: Սակայն մեզի դրացի են: Եթէ հանգիստ մնան, ոչինչ կ՛ըսենք»:

http://www.aztagdaily.com/archives/389207

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2018
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ