Ատրպէյճանական բանակը Նախիջևանի ուղղութեամբ կը խախտէ հրադադարը

Ապրիլ 7-ի լոյս 8-ի գիշերը Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Նախիջևանի սահմանագիծին վրայ կրակ արձակած են հայկական բանակի սահմանապահ դիրքերու ուղղութեամբ։ Այս մասին ֆէյսպուքի ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրառում կատարած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը`յայտնելով, որ ՀՀ զինուած ուժերը պատասխան գործողութիւններով լռեցուցած են հակառակորդին։

Ըստ Յովհաննիսեանի՝ զոհեր չկան։ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը զգուշացման կոչ ըրած է ատրպէյճանական կողմին զերծ մնալ հետագայ նման սադրանքներէ և ազդարարած, որ ոչ նման քայլեր անպատասխան պիտի չմնան։

Horizonweekly.ca

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ