Քաղաքական վերլուծաբան եւ իրաւաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել «Տիար» օրաթերթին մէջ գրած է յօդուած մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ գործած ոճիրներուն, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կը նկարագրէ իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան շառաւիղ սուլթան, հաստատելով Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ, ինչպէս նաեւ կը շեշտէ Հայ դատի իրաւացիութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ հայութեան իրաւատէրի ճշմարտութիւնը: Ստորեւ կը ներկայացնենք Ժոզեֆ Ապու Ֆատելի յօդուածը` ամբողջութեամբ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը ներկայացնէ օսմանցի սուլթաններու ամէնէն տգեղ պատկերը եւ այդ սուլթաններուն մէջ ան կը նկատուի ամէնէն արիւնարբուն ու բռնակալը, որուն նպատակն է Թուրքիոյ դրացի ժողովուրդներուն եւ պետութիւններուն հաշուոյն ընդարձակել իր երկրին սահմաններն ու իշխանութիւնը:
Օսմանցի այս նոր սուլթանը բռնատէրի իր ձգտումները իրականացնելու համար տարբեր ճակատներու վրայ պատերազմներ կը մղէ: Քիւրտերուն նկատմամբ անոր ատելութիւնը բացայայտ է` նկատի ունենալով քիւրտերուն դէմ անոր գործած արարքները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ քիւրտերը հալածելու եւ զանոնք իրենց քաղաքացիական տարրական իրաւունքներէն զրկելու քաղաքականութիւնը:
Թրքական բանտերը լեցուն են քիւրտերով, որոնց մեծ մասը թրքական այդ արգելարաններուն մէջ կը մահանան` խիստ տանջանքի ենթարկուելու պատճառով:
Արաբ Բունարի մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն նկատմամբ թրքական օժանդակութիւնը իր կարգին բացայայտ է, իսկ արաբներուն նկատմամբ Թուրքիոյ տածած ատելութիւնը քիւրտերէն աւելի պակաս չէ:
Թուրքիա իր դռները բացած է ծայրայեղականներուն դիմաց, զանոնք մարզած ու զինած եւ ուղարկած է Սուրիա` սուրիական վարչակարգին դէմ կռուելու, Սուրիան քանդելու եւ սուրիացիները վարկաբեկելու բոլոր կարելիութիւններուն ընթացք տալով, եւ այդ իմաստով ալ ամէն տեսակի ծառայութիւն մատուցած է Իսրայէլի` արաբներուն, իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն թշնամիին:
Իր ատելութեան եւ բռնակալութեան մէջ Էրտողան միայն այսքանով չի բաւարարուիր, այլեւ` կը շարունակէ իր նախնիներուն ոճը` հայ ժողովուրդը հալածելու եւ անոր դէմ բռնարարքները շարունակելու իմաստով: Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ օսմանեան-թրքական բանակը ինչպիսի՛ Ցեղասպանութիւն գործած է հայ ժողովուրդին դէմ` նպատակ ունենալով հայութեան հետքը ջնջել աշխարհէն եւ պատմութենէն: Սակայն գոյատեւելու կամքը եւ պայքարը ազդու միջոցներ էին պահպանելու հայկական գոյութիւնը` շրջանին եւ ամբողջ աշխարհին մէջ:
Հարիւր հազարաւոր հայեր նահատակուեցան, սակայն օսմանեան-թրքական բանակը չկրցաւ կոտրել հայ ժողովուրդին գոյատեւելու կամքը: Բռնագաղթի ենթարկուած հայ ժողովուրդը հասաւ աշխարհի չորս կողմը եւ տարբեր երկիրներուն մէջ հաստատեց իր գաղութները, դարձաւ այդ երկիրներուն լիիրաւ քաղաքացին եւ դրական ներդրում ունեցաւ այդ երկիրներուն բարգաւաճման մէջ` կառչած մնալով իր Դատին, որուն համար իր նախահայրերն ու հայրերը նահատակուած էին:
Հայ ժողովուրդը ամբողջ աշխարհին մէջ ծանօթ է իբրեւ քաղաքակրթութեան եւ խաղաղութեան մարգարէ, իսկ օսմանեան-թրքական վարչակարգը անոր հակառակն է, որովհետեւ Էրտողանի բռնարարքները կը դասուին իբրեւ ահաբեկչական արարքներ, որոնք ոչ մէկ կապ ունին անոր ներկայացուցած իսլամականութեան հետ:
Աւելի՛ն. Էրտողան մնայուն կերպով զինուորական եւ նիւթական օժանդակութիւն կը տրամադրէ Ազրպէյճանին` մեղսակցելով Արցախի դէմ մղուած պատերազմներուն, ներթափանցումներուն եւ սահմանային խաղաղութեան խախտումներուն:
Բայց եւ այնպէս, այդ հողին վրայ ձախողութիւնը եւ յուսախաբութիւնը պիտի ըլլայ թուրքին ստանալիք միակ «նուէր»-ը, որովհետեւ Արցախը պիտի շարունակէ գոյատեւել իբրեւ ազատ եւ անկախ հողամաս, որ անկարելի է, որ վերածուի էրտողանականներու կեդրոնի մը:
Ներկայիս շրջանին մէջ Էրտողանի գործած սպանդներուն զուգահեռ կ՛ուրուագծուին հայոց, քիւրտերուն եւ արաբներուն դէմ անոր գործած ջարդերը: Հակառակ անոր որ Էրտողան Հայոց ցեղասպանութիւնը կը փորձէ բացատրել իբրեւ կրօնական բնոյթի պատերազմ մը, որ մղուած է իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն միջեւ, սակայն յստակ է, որ իսլամութիւնը այդ անմարդկային արարքին հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի, եւ Էրտողանի լարած ծուղակներն ու ահաբեկչական գործողութիւնները յստակ են` որքան որ ալ ան փորձէ այդ արարքներուն իսլամական շապիկ հագցնել:
Հայ հերոս ժողովուրդը, որ գոյատեւեց եւ երկաթեայ կամքով ու տոկունութեամբ ամբողջ դար մը պահեց իր ինքնութիւնը եւ պետութիւն կերտեց, անկասկած կրնայ շրջանցել Էրտողանի պայմաններն ու անբարոյութիւնները` շարունակելով պահպանել իր ինքնութիւնը իբրեւ պայքարող, խաղաղութեան եւ սիրոյ արժէքները տարածող ժողովուրդ:
Այս բոլորին մէջ ինքզինք պարտադրող հարցումը կը մնայ հետեւեալը. «Ի՞նչ է միջոցը փրկուելու օսմանցի այս բռնատէրէն եւ վերջ դնելու անոր բարբարոսութիւններուն»:
Պատասխան. «Պէտք է հիմնել դաշինք մը, որուն մաս կը կազմեն Էրտողանի ահաբեկչութենէն բոլոր տուժածները` հայեր, քիւրտեր եւ արաբներ: Ասիկա պիտի կոչուի Էրտողանէն տուժածներու դաշինք, որ ի վիճակի պիտի ըլլայ տապալել օսմանցի այս նոր սուլթանը եւ վերջ տալ անոր գոռոզութեան»:
Այս դաշինքը, որուն մաս պիտի կազմեն Սուրիան, Հայաստանը եւ քիւրտերը, իրաւունք ունի թրքական ցեղասպան վարչակարգին դէմ յեղափոխութիւն արձանագրելու, եւ կազմելու ազգային կառավարութիւն մը` հոգալու համար Թուրքիոյ շահերուն, «որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ էրտողանեան բռնատիրութեան այս ուղեգիծը շարունակելու պարագային Թուրքիան պիտի քանդուի»:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կը հաստատեմ, որ հայ եղբայր ժողովուրդին դատը կենդանի պիտի մնայ սրտերուն եւ մտքերուն մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ դառնալ աշխարհի բոլոր յեղափոխականներուն փարոսը, որ զանոնք կ՛առաջնորդէ ներողամտութեան եւ յառաջդիմութեան արժանիքներով:
Իսկ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Էրտողանի կազմակերպած ջարդերը օսմանցի բռնատիրոջ ճակատին դրոշմուած ամօթի նոր կնիքներ են, որոնք պատմութեան մէջ պիտի յիշուին իրենց բոլոր մանրամասնութիւններով: Պատմութեան մէջ այդպէս եղած է պարագան նաեւ այլ օսմանցի ջարդարար հրէշներու, իսկ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը մնացած են սիրոյ, քաղաքակրթութեան եւ խաղաղութեան մարգարէներ, որոնք կը լեցնեն պատմութեան սպիտակ, փառաւոր ու ոսկեզօծ էջերը:
http://www.aztagdaily.com/archives/389222
Leave a Reply