Մարտ 24-ին, Կլենտէյլի (Լոս Անճելըս) Պրէնտ պուրակի հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ լուսանկարիչները Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւ անոր շուրջը» թեմայով գիտաժողով մը, որուն նախաձեռնողն էր փիլիսոփայութեան փրոֆէսըր Արմէն Մասրուբեանը:
Գրադարանի ցուցասրահին մէջ, նոյն օրը, բացուեցաւ նաեւ «Հայ ընտանիքի ոդիսականը. շարունակականութիւն եւ կորուստ» ցուցադրութիւնը, ուր ներկայացուած են Դիլդիլեան ընտանիքի լուսանկարչական աշխատանքները:
Արմէն Մասրուբեանի մեծ հայրն ու մեծ հօր եղբայրը՝ Ցոլակ եւ Արամ Դիլդիլեան լուսանկարիչներն էին, որոնք յաճախած են Մարսովան գիւղի «Անատոլիա» հանրայայտ քոլէճ: Մասրուբեանը իր ընտանիքէն ժառանգած է աւելի քան 600 լուսանկար եւ ապակեայ negative-ներ, որոնց մեծ մասը առնուած են 1910-1922 թուականներուն:
Ցուցադրութիւնը պիտի գործէ մինչեւ Ապրիլ 27։
Նշենք, որ այդ ցուցադրութենէն ներկայացուող՝ 1910 թուականին առնուած ուշագրաւ լուսանկարը կը պատկերէ «Անատոլիա» քոլէճի լսողութեան խանգարում ունեցող հայ երեխաները, որոնք հայելիներու միջոցով կը սորվին ճիշդ արտաբերել հնչիւնները:
http://www.yerakouyn.com/?p=151682
Leave a Reply