Թուրքիան մարդուիրաւունքներու եւրոպական պայմանագիրի առաւել յաճախ խախտողն է

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թուրք փորձառու լրագրող Սետաթ Էրկինը «Հուրիեթ» թերթին մէջ գրած էր, որ «Թուրքիան Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ) մարդու իրաւունքներու խախտումներու առաջամարտիկն է»: Եւրոպական դատարանը դատական գործերու վերաբերեալ որոշումներ կը կայացնէ ա՛յն ժամանակ, երբ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական պայմանագիրը ստորագրած պետութիւնները կը խախտեն անոր դրոյթները:

Թէեւ Թուրքիան միացած է Եւրոդատարանին, վերջինիս հիմնադրումէն 27 տարի անց՝ 1986 թուականին, սակայն այնտեղ աւելի շատ խախտումներ եղած են, քան միւս բոլոր անդամ երկիրներուն մէջ 1959-2016 երկարող ժամանակահատուածին:

Եւրոդատարանը Թուրքիոյ վերաբերեալ ընդհանուր առմամբ կայացուցած է 3270 դատավճիռ, որոնցմէ 2889-ի պարագային յայտնաբերուաէծ են մարդու իրաւունքներու եւրոպական պայմանագիրի խախտումներ: Դատարանը յայտնաբերած է, որ Թուրքիան միայն 73 պարագայի որեւէ խախտում չէ կատարած: Մնացած պարագաներուն հայցերը լուծուած են այլ կերպով: Քանի որ գործերու մեծ մասին մէջ արձանագրուած է աւելի քան մէկ խախտում, ուստի Թուրքիոյ խախտումներուն ընդհանուր թիւը կազմած է 4514:

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի 2016 թուականի տարեկան զեկոյցին մէջ նշուած է՝

– Առաւել մեծ թիւով թրքական խախտումները (832) եղած են «արդար դատավարութեան իրաւունքի» ոլորտին մէջ:

– Երկրորդ առաւել մեծ քանակ ունեցող տեսակը (707 խախտում) «ազատութեան եւ անվտանգութեան իրաւունքն է»: Այս վերջին տեսակը կը նշանակէ, որ «Թուրքիոյ քաղաքացիները յաճախ կը ձերբակալուին ապօրինի եղանակներով, եւ այդ ձերբակալութիւնները կրնան դիւրութեամբ վերածուիլ դատավճիռներու»՝ ըստ Էրկինի:

– Խախտումներուն 3-րդ առաւել մեծ քանակ ունեցող տեսակը (653) «սեփականութեան պահպանութեան իրաւունքն» է, որ կը նշանակէ, թէ շատ թուրք քաղաքացիներ զրկուած են սեփականութեան իրաւունքէն:

– 4-րդ առաւել մեծ քանակ ունեցող տեսակը (586) «վարոյթներու տեւողութեան» խախտումն է:

– «Արդիւնաւէտ քննութեան բացակայութիւնը» 5-րդ տեղի վրայ է՝ 412 խախտումով:

– «Անմարդկային կամ արժանապատւութիւնը նուաստացնող վերաբերմունքը» 6-րդ տեղի վրայ է`314 խախտումով:

– 7-րդ տեղը կը գրաւէ «արդիւնաւէտ պաշտպանութեան իրաւունքը» (268 խախտում):

– «Արտայայտման ազատութիւնը» 8-րդ տեղ (265 խախտում):

– 9-րդ տեղի վրայ «կեանքի իրաւունքի՝ կեանքէն զրկելու» 133 խախտումներն են:

– 10-րդ տեղի վրայ «անձնական եւ ընտանեկան կեանքի վերաբերեալ յարգանքի իրաւունքի» խախտումներն են (100 խախտում):

Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանին, ուստի այստեղ 2002-2016 Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ եղած է 122 դատական ​​հայց, որոնցմէ 118-ի պարագային յայտնաբերուած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրի խախտումներ, որոնք շատ աւելի քիչ են, քան Թուրքիայինը, քանի որ Ատրպէյճանը ՄԻԵԴ-ին միացած է աւելի ուշ՝ 2002 թուականին: Մնացեալ չորս պարագաները լուծուած են այլ կերպով: Քանի որ որոշ պարագաներու եղած են մէկէն աւելի խախտումներ, ուստի Ատրպէյճանը ունեցած է ընդամէնը 224 խախտում:

– Առաւել մեծ թիւով խախտումները (44) եղած են «արդար դատավարութեան իրաւունքի» ոլորտէն ներս:

– Երկրորդ առաւել մեծ թիւով խախտումը (34)՝ «ազատութեան եւ անվտանգութեան իրաւունքի»:

– 3-րդ առաւել մեծ թիւով խախտումը (30)՝ «սեփականութեան պահպանութեան»:

– 4-րդ առաւել մեծ թիւով խախտումը (21)՝ «ազատ ընտրութիւններու իրաւունքի»:

– «Արդիւնաւէտ քննութեան բացակայութիւնը» 5-րդ առաւել մեծ թիւով խախտումն էր (17):

Միւս կողմէն, Հայաստանը, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական պայմանագիրին միացած է Ատրպէյճանի հետ միաժամանակ (2002 թ.), աւելի քիչ խախտումներ ունեցած է: 2002-էն մինչեւ 2016 ՄԻԵԴ-ի կողմէ ընդդէմ Հայաստանին եղած է 75 դատավճիռ, որոնցմէ 68-ի պարագային եղած են խախտումներ: Մնացեալ 7 դէպքերը լուծուած են այլ կերպով: Քանի որ որոշ պարագաներու եղած են մէկէ աւելի խախտումներ, Հայաստանը ունեցած է ընդամէնը 119 խախտում:

– Առաւել մեծ թիւով խախտումները (32) եղած են «արդար դատաքննութեան իրաւունքի» ոլորտէն ներս:

– Երկրորդ առաւել մեծ թիւով խախտումները (27)՝ «ազատութեան եւ անվտանգութեան իրաւունքի»:

– 3-րդ առաւելագոյն խախտումները (16)՝ «սեփականութեան պահպանման»:

Հարեւան Վրաստանը քիչ մը աւելի քիչ խախտումներ ունեցած է, քան Հայաստանը: Ան Մարդու իրաւունքներու եւրոպական պայմանագիրին միացած է 1999-ին: ՄԻԵԴ-ը 1999-2016 թթ. 68 դատական ​​հայց ներկայացուցած է Վրաստանի դէմ, որոնցմէ 52-ի պարագային խախտումներ եղած են: Մնացեալ 16 դէպքերը կարգաւորուած են այլ կերպով: Քանի որ դէպքերէն քանի մը հատի պարագային եղած են մէկէն աւելի խախտումներ, ուստի Վրաստանը ունեցած է ընդամէնը 99 խախտում:

– Առաւել մեծ թիւով խախտումները (20) եղած են «ազատութեան եւ անվտանգութեան իրաւունքի» համար:

– 2-րդ  առաւել մեծ թիւով խախտումները (17)՝ «անմարդկային կամ արժանապատւութիւնը նուաստացնող վերաբերմունքի» համար:

– 3-րդ առաւել մեծ թիւով խախտումը (իւրաքանչիւրը 12 հատ) կապուած է «արդիւնաւէտ քննութեան բացակայութիւն» եւ «արդար դատաքննութեան իրաւունքի» հետ:

Բացի վերոնշեալ խախտումներէն, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ՄԻԵԴ-ի հետ շատ աւելի լուրջ խնդիրներ ունին: 2016 Յուլիսին տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձէն ետք՝ Թուրքիան որոշած է կասեցնել մարդու իրաւունքներու եւրոպական պայմանագիրը: Սակայն Պայմանագիրի որոշ հատուածներ չեն կրնար կասեցուիլ, ինչպէս օրինակ կեանքի իրաւունքը եւ խոշտանգումներու եւ անմարդկային կամ արժանապատւութիւնը նուաստացնող վերաբերմունքի կամ պատիժի արգելքը:

Ատրպէյճանը եւս լուրջ խնդիր մը ունի ՄԻԵԴ-ի հետ, որ վճռած է, որ յայտնի ատրպէյճանցի ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ Իլկար Մամետովը պէտք է ազատ արձակուի բանտէն: 2014-էն Ատրպէյճան կը հրաժարի կատարել ՄԻԵԴ-ի որոշումը: Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն եւ Խորհրդարանական վեհաժողովը կայացուցած են շարք մը որոշումներ՝ կոչ ընելով Ատրպէյճանին ազատ արձակելու Մամետովը: Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն նախաձեռնած է դատական գործի աննախադէպ վերանայում՝ ՄԻԵԴ-ի որոշման Ատրպէյճանի անհամաձայնութեան պատճառով: Ատրպէյճանի կողմէ որոշման յետագայ չկատարելը կրնայ յանգեցնել անոր վտարման Եւրոպայի Խորհուրդէն…

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆը

http://www.yerakouyn.com/?p=151463

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2018
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ