Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ Սուրիոյ քիւրտերուն աջակցութիւն յայտնած Ֆրանսայի իշխանութիւնները «չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կը խօսին»:
«Սկիզբէն այդպիսի յայտարարութիւն կատարեցին, յետոյ 2-3 անգամ փոխեցին յայտարարութիւնը: Մենք դէմ առ դէմ կանգնած ենք երկրի մը հետ, որ չի գիտեր, թէ ի՛նչ կը խօսի եւ ի՛նչ պիտի ընէ: Ֆրանսան պէտք է աւելի լաւ գիտնար սուրիական իրականութիւնը, քան Արեւմուտքի միւս երկիրները: Մինչեւ օրս անոնք այս հարցին մէջ ճիշդ ճամբով կ՛ընթանային, սակայն, ցաւօք, վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին Ֆրանսան դարձաւ երկիր մը, որ նոյնիսկ չի կարենար արտայայտել իր գիտցած ճշմարտութիւնը», ըսած է Չաւուշօղլու:
Ան պնդած է, թէ իրենք Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին խորհուրդ տուած են «հեռուէն խօսելու փոխարէն» գալ Աֆրին ու համագործակցիլ իրենց հետ` ուշադրութիւն չդարձնելով քանի մը քիւրտ զինեալի յայտարարութիւններուն:
Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը նաեւ մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` ամերիկեան ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու պատրաստուելուն մասին յայտարարութիւնը եւ նշած, որ ատիկա ո՛չ միայն շատ տեղին որոշում է, այլ նաեւ քիչ մը ուշացած:
Յայտնենք, որ ի տարբերութիւն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին` Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ եւ պաշտպանութեան նախարար Մոհամետ պըն Սալման իշխանը Ուաշինկթընին կոչ ուղղած էր` չհեռացնելու իր ուժերը Սուրիայէն:
Leave a Reply