ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, ապրիլ 12ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ (222 East Harvard Street, CA 91205) տեղի պիտի ունենայ Օսմանեան կայսրութեան հայերու կեանքին մէջ լուսանկարչութեան դերին նուիրուած քննարկում մը։
«Բացակայութեան ներկայութիւնը» խորագրուած սոյն քննարկումը պիտի առաջնորդէ Արմէն Մարսուպեան, որ պիտի ցուցադրէ նաեւ շարք մը պատմական լուսանկարներ:
Մուտքը ազատ է, իսկ ձեռնարկը կազմակերպուած է Կլենտէյլ քաղաքի Գրադարան, արուեստներ եւ մշակոյթ բաժանմունքին կողմէ:
Նշենք, որ Կլենտէյլի «Պրենտ» գրադարանին մէջ (1601 W. Mountain St., Glendale, CA 91201) ներկայիս տեղի կ՛ունենայ Մարսուպեանի համադրած եւ Օսմանեան կայսրութեան լուսանկարչութեան ոլորտին մէջ յայտնի լուսանկարիչներ Տիլտիլեան ընտանիքին նուիրուած ցուցահանդէս մը՝ «Շարունակականութիւն եւ խզում» խորագիրով։ Անիկա պիտի շարունակուի մինչեւ ապրիլ 27։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել egrigorian@glendaleca.gov հասցէին, կամ (818) 548-3288 թիւին:
Asbarez.com
Leave a Reply