«Թուրքիան կը յարգէ իրաքեան գերիշխանութիւնը եւ զայն ոտնահարող որեւէ քայլ պիտի չկատարէ» կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

Իրաքի կառավարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տեղեկացուց, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնած է, որ Պաղտատի եւ Անգարայի միջեւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ զինուորական գործողութիւններու շղթայազերծման շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն չունի:

Եըլտըրըմ նշած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ իրաքեան հողամասերուն վրայ ՔԱԿ-ի զինեալներու դէմ զինուորական գործողութեան մը շղթայազերծման շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն չունի, «եւ այն ինչ որ տեղի ունեցաւ թարգմանութեան անճշդութիւն էր, որովհետեւ կ՛ուզէինք ըսել, թէ առանց իրաքեան կառավարութեան համաձայնութեան որեւէ գործողութիւն պիտի չկատարենք եւ ոչ թէ անոր հետ համաձայնութիւն գոյացուցինք: Թուրքիան կը յարգէ իրաքեան գերիշխանութիւնը եւ զայն ոտնահարող որեւէ արարք պիտի չգործէ»:

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի իր կարգին յայտնած է, որ իրաքեան ապահովական ուժերը իրենց ամբողջական վերահսկողութեան տակ առած են ամբողջ իրաքեան տարածքը, իսկ Մուսուլ այցելութեան ընթացքին իրաքեան ուժերուն ցուցմունք տուած է ամբողջ սահմանը առնել վերահսկողութեան տակ եւ օտար ոեւէ զինեալի արգիլել սահմանէն անցնիլ:

«Այդ ցուցմունքը գործադրուեցաւ, եւ ներկայիս սահմանը մեր ուժերուն ամբողջական վերահսկողութեան տակ է, իսկ մենք կը մերժենք Թուրքիոյ դէմ մեր հողերէն մեկնած որեւէ ոտնձգութիւն», ըսաւ Իրաքի վարչապետը:

http://www.aztagdaily.com/archives/388334

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2018
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ