«Միացեալ Նահանգներ հազարաւոր բեռնարկղներով զէնք ուղարկած են Սուրիոյ զինեալներուն» կ՛ըսէ Էրտողան

Միացեալ Նահանգներ մեծ քանակութեամբ զէնք մատակարարած են Սուրիոյ տարածքին գտնուող «ահաբեկչական խմբաւորումներուն»: «Հապերթիւրք» կը նշէ, որ այս մասին երէկ Անգարայի մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

«Եթէ մենք ռազմավարական գործընկեր ենք, ապա դուք (Միացեալ Նահանգները, «Ա.») պէտք է մեզ յարգէք եւ մեզ խաբելէ դադրիք», ըսած է ան:

«Դուք Սուրիա ուղարկած էք զէնքով լեցուն 5000 բեռնատարներ եւ ռազմամթերքով լեցուն 2000 բեռնարկղներ: Կը նշանակէ, թէ մեր դիմումին բացասական պատասխան տուած էք, սակայն ահաբեկչական խմբաւորումները զինած էք: Ի՞նչ գործընկերութեան մասին կրնաք խօսիլ», աւելցուցած է Էրտողան:

Ան նախապէս յայտնած էր, թէ Թուրքիա Միացեալ Նահանգներուն դիմած է զէնք-զինամթերք ստանալու համար, սակայն Ուաշինկթըն մերժած է զանոնք տրամադրել եւ փոխարէնը զէնք մատակարարած է քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն:

Թուրքիոյ նախագահը ըսած է, որ ներկայիս «բոլոր այդ զէնքերը կ՛անցնին թրքական բանակի ձեռքը»:

«Մենք կը գտնենք փապուղիներ, որոնց մէջ կան զէնքի պահեստներ, կը գտնենք տուներ, որոնք լեցուած են զինամթերքով», ըսած է ան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտարարեց. «Ամերիկացիներէն Մընպեժէն հեռանալ չպահանջեցինք, այլ` քրտական միլիսները հեռացնել այդտեղէն»:

http://www.aztagdaily.com/archives/387474

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2018
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ