ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Նեւատայի համալսարանի Լաս Վեկասի մասնաճիւղին (UNLV) մէջ մարտ 7ին տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան, Հրէական Ողջակիզման եւ ափրիկեան ծագում ունեցող ամերիկացիներուն դիմագրաւած ցեղային հալածանքներուն նուիրուած քննարկում մը՝ կազմակերպութեամբ համալսարանի Ժողովրդավարական մշակոյթ եւ Իրաւաբանական բաժանմունքներուն։
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ներկայացումով ելոյթ ունեցած է Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Էնտի Արմէնեան, իսկ քննարկումին մասնակցած է համալսարանի պատմութեան բաժանմունքէն Միշել Թուսան։ Քննարկումը համադրած է նախկին քոնկրեսական Շելի Պըրքլի։
Asbarez.com
Leave a Reply