Անգարա կոչ կ՛ընէ՝ պատժելու Պերլինի թրքական մզկիթին վրայ յարձակողները


ԱՆԳԱՐԱ
, «Անատոլու».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Գերմանիոյ մէջ թրքական երկու մզկիթի դէմ յարձակումի դէպքին եւ Գերմանիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղած՝ նման միջադէպերու կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար քայլերու ձեռնարկելու: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թէ.Ռէ.Թէպատկերասփիւռի կայանը:

Պերլինի երկու տարբեր շրջաններու մէջ թրքական մզկիթներու դէմ միաժամանակ կատարուած յարձակումներու պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը:

«Վերջերս մտահոգութեամբ կը հետեւինք Գերմանիոյ մէջ հակաիսլամ եւ ազգայնամոլ շրջանակներու, ինչպէս նաեւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կողմէ մզկիթներու վրայ յարձակումներու աճին: Քրտական կուսակցութեան կողմէ յարձակման պատասխանատուութիւնը ստանձնելը անգամ մը եւս ջուրի երես հանած է այդ խմբաւորման իսկական դէմքը: Մխիթարող միակ հանգամանքը՝ միջադէպին ընթացքին զոհեր չարձանագրուիլն է», ըսուած է հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Գերմանիոյ կոչ ուղղած է յստակ քայլեր որդեգրելու՝ նման միջադէպերու կրկնութիւնը բացառելու, յարձակումին մեղաւորները գտնելու եւ զանոնք պատժելու համար:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2018
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ