«Հայոց Ցեղասպանութեան 1919-1923 թուականները. քեմալական կոտորածներ» շարժանկարը՝ ՆԱՄ-ի մէջ


Մարտ
28-ին, ժամը 20:00-ին, «Ուսումնասիրելով Ցեղասպանութեան թեմայով վաւերագրականները» խորագիրը կրող յատուկ նախագիծին ծիրէն ներս՝  «Նարեկացի» արուեստի միութեան յարկին տակ պիտի ցուցադրուի «Հայոց Ցեղասպանութեան 1919-1923 թուականները. քեմալական կոտորածներ» (2015) շարժանկարը:

Թրքական պաշտօնական պատմագրութիւնը կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը` պնդելով, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը առնչութիւն չունի ցեղասպանութեան հետ:

Վաւերագրերու վրայ հիմնուած «Քեմալական կոտորածներ» ֆիլմը ամբողջութեամբ կը հերքէ այս պնդումը:

Շարունակելով երիտթուրքերու ծրագիրը` Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կառավարութիւնը բնաջնջեց եւ տեղահանեց արեւմտահայերը իրենց դարաւոր հայրենիքէն:

Քեմալականները, դարերու ընթացքին, հայերու ստեղծած ունեցուածքի հաշուին լեցուցին պետական դատարկ գանձանակը, վճարեցին արտաքին պարտքերուն զգալի մասը եւ 1923-ի Հոկտեմբեր 29-ին հռչակեցին Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը:

Ժամանակակից Թուրքիան կառուցուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին բռնութեամբ իւրացուած նիւթական, քաղաքական, ռազմական արժէքներու հիմքին վրայ:

Ֆիլմը պիտի ներկայացուի անգլերէն:

Մուտքը ազատ է:

www.naregatsi.org

http://www.yerakouyn.com/?p=150317

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2018
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ