«Միլլիյէթ»ի յօդուածագիրը՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումը մերժելու Իսրայէլի որոշումին մասին


ՊՈԼԻՍ
, «Մարմարա».- «Միլլիյէթ» թերթի երկուշաբթի, մարտ 5ի թիւին մէջ, Վերտա Էօզեր կը մեկնաբանէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին՝ Իսրայէլի կողմէ ընկալումն ու արժեւորումը։

Յօդուածագիրը կը նշէ, որ անցեալ շաբաթ Իսրայէլի խորհրդարանը քուէարկութեան դրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը։ Ան կը գրէ, որ նկատի առնելով այն իրողութիւնը, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները ներկայիս լարուած վիճակ կը պարզեն՝ կ՛ակնկալուէր, որ Իսրայէլ վաւերացնէր Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը։ Սակայն, Իսրայէլի խորհրդարանը դարձեալ մերժեց բանաձեւը։

Յօդուածագիրը կը գրէ, որ Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չընդունելու պատճառն այն է, որ Իսրայէլ չի փափաքիր, որ հրեայ ժողովուրդին ողբերգութիւնը երկրորդ մակարդակի վրայ մնայ ու անշքանայ՝ աւելցնելով, որ առաւելագոյն պարագային՝ Իսրայէլ կը նախընտրէ «մեծ ողբերգութիւն» որակել Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2018
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ