Գերմանիոյ մէջ, անցնող գիշեր, թրքական մզկիթներու եւ մշակութային կեդրոններու վրայ իրականացած է քանի մը յարձակում։
Վկայակոչելով Berliner Zeitung-ը՝ Artsakhpress.am կը հաղորդէ, թէ Պեռլինի մէջ, անյայտ անձերծ այրած են թրքական մզկիթին եւ «կրօնական կապերու թուրք–իսլամական միութեան» մշակութային կեդրոնին շէնքերը։ Մզկիթը ամբողջութեամբ այրած է, իսկ չարագործները յաջողած են փախչիլ:
Յանցագործութեան մէջ կը կասկածուին աջ ծայրայեղականները կամ` Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը չընդունող քրտական համայնքի ներկայացուցիչները։
Վէսթֆալենի մէջ եւս, անյայտ անձեր պայթուցիկով շիշեր նետած են «թուրք–գերմանական բարեկամութեան» կեդրոնի շէնքին վրայ, իսկ Լաուֆեն–ամ–Նեքարի մէջ հրկիզած են թրքական համայնքին մզկիթը:
http://www.yerakouyn.com/?p=150140
Leave a Reply