Ազգայնամոլներ դիմակայելու պարտադրանքին տակ ենք. Փայլան

ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, Մարտ 8ի երեկոյեան «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան պատգամաւորներուն կողմէ իր եւ իր կուսակիցներուն դէմ նորագոյն յարձակումին մասին:

«Երէկ իշխող կուսակցութեան պատգամաւորները խորհրդարանին մէջ իսկ իրենց բարբարոսութիւնները ցոյց տուին: Ազգայնամոլներու դէմ ամէն տեղ դիմադրութիւն ցոյց պիտի տանք եւ անշուշտ՝ պիտի յաղթե՛նք»:

Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ կուսակցութեան պատգամաւորները մեղադրած են իշխանութիւնները՝ Աֆրինի մէջ ցեղային զտումի արշաւի նախաձեռնելու յանցանքով, ինչ որ կատղեցուցած է Էրտողանի կուսակիցները, որոնք, իբրեւ պատասխան, յարձակած են ընդդիմադիր կուսակցութեան պատգամաւորներուն վրայ:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2018
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ