Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ պնդեց, թէ թրքական բանակը Աֆրինէն ետք պիտի ուղղուի Մընպեժ, Այն Արապ, Թել Ապիատ, Ռասուլ Այն եւ Գամիշլի` «այդ շրջանները ահաբեկիչներէն ձերբազատելու համար»:
Էրտողան շաբաթ օր ՕԹԱՆ-ին ուղղուած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ թրքական բանակը որեւէ պահու մուտք պիտի գործէ Աֆրին քաղաք, ինչպէս նաեւ սպառնաց, որ այդ ուժերը հետագային պիտի շարժին դէպի Մընպեժ եւ Եփրատի ամբողջ արեւելեան ափը պիտի մաքրեն ահաբեկիչներէն:
«Մեզ Աֆղանիստան, Սոմալի եւ Պալքաններ հրաւիրեցիք, եւ մենք ընդառաջեցինք, իսկ ես ձեզ կը հրաւիրեմ Սուրիա, ուստի ինչո՞ւ չէք գար», հարց տուաւ Թուրքիոյ նախագահը:
«Մեր թիրախը ներկայիս Աֆրինն է, եւ փա՛ռք Աստուծոյ, լաւ վիճակի մէջ ենք: 3171 ահաբեկիչներ վնասազերծուեցան», ըսաւ ան:
Էրտողան երէկ յայտարարեց. «Մենք բռնագրաւողներ չենք, այլ մեր երկրին սպառնացող ահաբեկիչները կը հետապնդենք եւ այժմ զանոնք կը հալածենք Աֆրինի մէջ»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին «Ցայթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է Մընպեժի եւ Եփրատի արեւելեան ափի քաղաքներուն մէջ կայունութեան հաստատման շուրջ:
Ան նշեց, որ 19 մարտին հանդիպում պիտի ունենայ իր ամերիկացի պաշտօնակից Ռեքս Թիլըրսընի հետ:
http://www.aztagdaily.com/archives/386324
Leave a Reply