Թրքական բանակը Տիգրանակերտի մէջ քիւրտ զինեալներու դէմ նոր գործողութեան կը պատրաստուի

Թրքական զինեալ ուժերը Տիգրանակերտ նահանգին մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալներուն դէմ նոր լայնածաւալ գործողութիւն մը կը պատրաստեն:

Թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը կը հաղորդէ, որ այդ նպատակով կրակմարի դրութիւն հաստատուած է Տիգրանակերտի նահանգի 58 գիւղերու մէջ:

Լիճէ, Հանի, Քաճաքէօյ եւ Հազրօ շրջաններու բնակիչներուն արգիլուած է տուներէն դուրս գալ մինչեւ կրակմարի դրութեան ջնջման մասին նոր հրամանի հրապարակումը:

Զինուորական գործողութեան տեւողութիւնը առայժմ յայտնի չէ:

 http://www.yerakouyn.com/?p=148068

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2018
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728  

Արխիւ