Պոլսահայերը կը փորձեն Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հասնիլ դատարանի միջոցաւ


ՊՈԼԻՍ
.- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու իրականացման նպատակով իշխանութիւններուն ուղարկուած դիմումը անպատասխան կը մնայ:

Ընտրութիւններու կազմակերպումով զբաղող Նախաձեռնարկ մարմինը դիմած է դատարան: Դատական գործէն առանձնապէս ակնկալիքներ չկան: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»ի, յայտնեց պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժինի գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան:

«Օրէնքի համաձայն՝ կառավարութիւնը պէտք է նշուած ժամկէտին դիմումներուն տայ կա՛մ դրական, կա՛մ ժխտական պատասխան: Պատրիարքական ընտրութիւններ իրականացնելու դիմումը ներկայացուած է Պոլսոյ նահանգապետին, զոր վերջինս պէտք է փոխանցէ ներքին գործոց նախարարութեան, գերատեսչութիւնն ալ՝ նախարարներու խորհուրդին: Որոշում կայացնողը խորհուրդն է, սակայն շղթանը կը սկսի նահանգապետարանէն: Քանի որ դիմումը անպատասխան մնացած է, այս պարագային կը բացուի դատական միջամտութեան ճանապարհը: Ատոր համար ալ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու Նախաձեռնարկ մարմինը դիմած է դատարան», յայտնեց Բագրատ Էսդուգեան:

Ան ընդգծեց, որ դրական արդիւնքի սպասելը միամտութիւն է: Ըստ անոր՝ այս ճանապարհով երթալը կ՛երկարացնէ պատրիարքի ընտրութիւններու գործընթացը, սակայն դատարան դիմելը անհրաժեշտ քայլ է:

Դատական նիստի օրը տակաւին չէ նշանակուած:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2018
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728  

Արխիւ