Համալսարաններու մէջ ուրացման դէմ ցոյցեր՝ փետրուար 8ին

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Համահայկական ուսանողական միութեանց նախաձեռնութեամբ, Փետրուար 8ին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ համալսարաններու մէջ գործող Հայ ուսանողական միութիւնները բողոքի լուռ ցոյցեր պիտի կատարեն՝ «Ուրացման արատ»ը ընդհանուր խորագիրին տակ, անգամ մը եւս ցոյց տալով, որ հայ ուսանողները Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ վնասուց ապահովման արշաւին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունին:

Քալիֆորնիոյ համալսարաններէն դուրս, Միացեալ Նահանգներու արեւելեան նահանգներէն եւ Գանատայէն քանի մը համալսարաններու Հայ ուսանողական միութիւնները եւս պիտի մասնակցին ցոյցերուն։

Ցոյցերը տեղի պիտի ունենան առաւօտեան ժամը 10էն կ.ե. ժամը 3ի միջեւ, իսկ անոնց զուգահեռ արշաւ մը պիտի իրականացուի ընկերային ցանցերու միջոցաւ, հետեւեալ հասցէներով՝ #StainOfDenial, #ArmenianGenocide եւ #DivestTurkey։

Այս արշաւը առիթ կը հանդիսանայ հայ ուսանողներուն, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը հասցնեն համալսարաններու օտար ուսանողներուն եւ պաշտօնէութեան, միաժամանակ վերյիշելով Ցեղասպանութեան զոհերը եւ լուսարձակի տակ առնելով միասնակամ գործելու կարեւորութիւնը: Արշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.all-asa.org կայքը։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2018
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728  

Արխիւ