Թուրքիա մը մերժէ Եւրոմիութեան գծով Մաքրոնի առաջարկը

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Այս տարեսկիզբին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի Փարիզ կատարած այցելութեան շրջագիծէն ներս՝ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի հետ կայացած հանդիպման աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահը առաջարկած էր ԵւրոմիութիւնԹուրքիա գործընկերութիւն՝ լիիրաւ անդամակցութեան փոխարէն։

Թուրքիոյ Եւրոպական հարցերու նախարար Էօմեր Չելիք հարցազրոյց մը տալով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան՝ անդրադարձաւ այս հարցին ու յայտարարեց, թէ Թուրքիա բացարձակապէ՛ս կը մերժէ Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամակցութեան փոխարէն որեւէ այլ տեսակի առաջարկ, ներառեալ՝ վերոյիշեալը։

«Մենք լուրջի չենք առներ առանձնաշնորհեալ գործընկերութիւն կամ նմանօրինակ այլ մօտեցումներ։ Ի՛նչ ալ ըլլայ տրուած անունը՝ առանձնաշնորհեալ գործընկերութիւն թէ ահաբեկչութեան դէմ համագործակցութիւն, նման առաջարկ մը Թուրքիոյ կողմէ քննարկութեան նիւթ իսկ չի կրնար ըլլալ», ըսաւ Չելիք։

Նախարարը նաեւ մեղադրեց Եւրոմիութիւնը՝ 2016ի Մարտին գաղթը կասեցնելու նպատակով Թուրքիոյ հետ ստորագրուած համաձայնագիրի բոլոր պայմանները չյարգելու յանցանքով՝ աւելցնելով. «Թուրքիա այլեւս ո՛չ մէկ պատճառ ունի յարգելու այդ համաձայնութիւնը»։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2018
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728  

Արխիւ