Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին եզակի արխիւ նուիրաբերուած է

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանհիմնարկի ջանքերուն շնորհիւ՝ Հայաստան տեղափոխուած է եւ թանգարանին նուիրաբերուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած ամերիկաբնակ հայ գերդաստանի ընտանեկան արխիւը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանհիմնարկէն:

Ամերիկաբնակ Սուսան Սոլաքեանը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնած է իր մեծ ընտանիքին մեծ պատմութիւնը՝ յուշագրութիւններ, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ: Ան վստահ է, որ իրենց ընտանեկան մասունքները յայտնուած են հոգատար ձեռքերու մէջ, իսկ նպատակն է՝ սերունդներուն փոխանցել ամենակարեւորը՝ յիշողութիւնը:

Ծնունդով Մեզրէէն (Խարբերդի նահանգ) Թոմաս եւ Էսթեր Մկրտիչեաններու ընտանեկան աւելի քան մէկ դարեայ պատմութիւնը՝ իրենց պատմական հայրենիքէն բռնագաղթուելէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակութիւնը հաստատելը, հարուստ է պատմագրական ճշգրիտ տեղեկութիւններով, ինչպէս նագւ պարզապէս մարդկային կորուստի ծանրագոյն դրսեւորումներով:

Ընտանեկան արխիւային նիւթերը կարեւոր սկզբնաղբիւր են Խարբերդի հայերու տեղահանութեան, կոտորածներու՝ մասնաւորապէս գերմանացի պաշտօնեաներու՝ թուրքերու մեղսակիցը եւ աջակիցը ըլլալու, հայ մտաւորականութեան դաժան սպանութեան, կիրառուած բռնութեան, ինչպէս նաեւ գաղթականներու դրութեան մասին:

Նիւթերը մանրամասն պիտի ուսումնասիրուին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատողներուն կողմէ եւ պիտի ներկայացուին հանրութեան:

http://www.yerakouyn.com/?p=147691

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2018
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ