Թրքական օդուժը հարուածներ հասցուցած է Իրաքի հիւսիսային Կորդուաց շրջանին մէջ գտնուող քիւրտ զինեալներու դիրքերուն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:
Թրքական բանակը յայտնած է, որ ոչնչացուցած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան պատկանող 11 դիրքեր:
Թրքական զինեալ ուժերու հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ առաջադրանքը կատարելէ ետք թրքական օդուժի «Էֆ-16»-երը վերադարձած են Թուրքիոյ մէջ գտնուող իրենց ռազմակայանները:
http://www.aztagdaily.com/archives/381341
Leave a Reply