«Օլիմփոս լեռնէն մինչեւ Արարատ» խորագիրով հայկական ձայնասփռումը արդէն իսկ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ յունահայ համայնքէն ներս։
Մօտաւորապէս 2 ամիսներ առաջ, յունահայութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ծնունդ առած «Օլիմփոս լեռնէն մինչեւ Արարատ» խորագիրով Թեսաղոնիկէի քաղաքապետարանի ձայնասփիւռի կայանէն (FM 100.6) հայկական սփռումը, որ կը վայելէ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի հովանաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ մեծ ջանքեր կը գործադրէ, արդէն իսկ մեծ ժողովրդականութիւն շահած է ու կը վայելէ համայնքէն ներս որպէս գործունեայ ու արդիւնաւէտ աշխատանք՝ նկատի ունենալով ժողովուրդին սէրը հայ մշակոյթին, հայ երգին, հայ արուեստին, ինչպէս նաեւ՝ ազգային հարցերու եւ եկեղեցւոյ կապուածութեան ու պատկանելութեան:
Հերթական դրութեամբ, ամէն Երկուշաբթի օր կէսօրէն ետք ժամը 3-4, յունարէնով եւ հայերէնով կը փոխանցուին հայ մշակոյթի, հայ երգի, հայ արուեստի տիտաններէն ներկայացումներ, հոգեւոր ու ազգային տօներու յիշեցումներ, օտար երգերու ունկնդրութիւն, հարցազրոյցներ՝ օտար, յոյն եւ յայտնի դէմքերու հետ, նաեւ՝ կենդանի ներկայութեամբ հայկական գործիքներու վրայ նուագող համայնքէն ներս երիտասարդ հայ արուեստագէտներու կողմէ ներկայացումներ։
«Նշենք, որ համայնքի երիտասարդներէն Յովիկ Գասապեան, ստանձնելով սոյն սփռումներու հաղորդավարութիւնը, մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ բոլորիս ու պատասխանատուութեամբ եւ գիտակցութեամբ կը կատարէ իրեն յանձնուած պարտականութիւնը: Անոր կողքին, դարձեալ մեր համայնքի երիտասարդուհիներէն եւ Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհի Ռոզա Թերզեան եւս իր մասնակցութիւնը կը բերէ՝ պրպտումներ կատարելով երաժիշտներու մասին տեղեկութիւններ քաղելով ու յայտագիրը հարստացնելով: Յայտնենք, որ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան եւս իր մասնակցութիւնը կը բերէ հայերէնով փոխանցելու օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնն ու ազգային արժէքներու հրամայականը կատարելով», կը գրէ մեր պաշտօնակից «Ազատ Օր»ը:
Asbarez.com
Leave a Reply